Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջինքի Աւանդական Նշում` Վեհափառ Հայրապետին Մասնակցութեամբ

Ապրիլ 3, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Գոհութիւն ու փառք կու տամ Աստուծոյ, որ այս տարի եւս միջինքի առիթով այս գեղեցիկ ու ոգելից պահը ընծայեց մեզի` միասին ըլլալու այս սրբազան եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ եւ Աստուծոյ ներկայութեամբ մեր կեանքը հարստացնելու» ըսելով` իր գոհունակութիւնը յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ միջինքի առիթով արեւագալի հոգեպարար արարողութեան ընթացքին արտասանած իր հայրապետական պատգամին սկիզբը, չորեքշաբթի, 26 մարտ 2025-ի առաւօտուն:

Ի դէպ, Լիբանանի ծխային եկեղեցիներէ հաւատացեալները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի թեմի Ազգային իշխանութիւնը եւ Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտութիւնը, աւանդութեան համաձայն, ներկայ գտնուեցան մայրաքաղաք Պէյրութի Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ երդիքին տակ յիշեալ հոգեպարար արարողութեան` մասնակցելու եւ լսելու համար կաթողիկոսին պատգամը:

Այս առիթով ուղղած իր պատգամին մէջ վեհափառ հայրապետը առաջին հերթին կոչ ուղղեց, որ միջինքի աւանդութիւնը սովորական աւանդութենէ ու հաւաքոյթէ անդին երթալով` ըլլայ հաւատքի վերանորոգութեան սքանչելի առիթ: Ան իր քարոզին կիզակէտը դարձուց հաւատքի վերանորոգութիւնը` լուսարձակի տակ առնելով Աստուած-մարդ յարաբերութիւնը, մանաւանդ` Քրիստոսի աշխարհ գալուստով: Հայրապետը մէջբերեց Սաղմոսաց գիրքին 70-րդ գլուխը, ուր սաղմոսերգուն Աստուծմէ կը խնդրէ, որ չհեռանայ իրմէ: Արամ Ա. կաթողիկոս բացատրեց, որ Աստուած մեզմէ չէ հեռացած եւ չի հեռանար որեւէ մէկ պարագայի, եւ փաստօրէն Աստուածաշունչի առաջին իսկ էջերէն կը տեսնենք, որ մա՛րդն է միշտ Տիրոջմէ հեռացողը: «Աւետարանիչը Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութիւնը մէկ բառով կը բնորոշէ` Էմմանուէլ, որ կը նշանակէ «Աստուած մեզի հետ»», յիշեցուց կաթողիկոսը եւ ըսաւ. «Մենք պէտք է գիտնանք, որ Աստուած մեզի հետ է: Քրիստոնէական հասկացողութեամբ, Աստուած տեսական յղացք կամ գաղափար չէ. մարդոցմէ ու աշխարհէն հեռու անտեսանելի չէ: Աստուած մարդոց մէջ իջաւ, մարդուն մօտեցաւ, մարդ դարձաւ, որպէսզի մարդը մարդացնէ, մարդուն մէջ Իր աստուածային պատկերը, աստուածային նմանութիւնը վերականգնէ: Աստուած մեզի հետ է ամէն տեղ եւ կը սպասէ, որ մենք եւս Իրեն հետ ըլլանք»:

Հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց` ըսելով, որ Մեծ պահքը առիթ է ու հրաւէր` Աստուծոյ դառնալու, Աստուծոյ հետ խօսելու ու Աստուծոյ հետ ըլլալու: Աստուած պատրաստ է մեզ լսելու: Մեծ պահքը առիթ է Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրելու: Եթէ հեռացած ենք Անկէ ինչ-ինչ պատճառներով, մօտենա՛նք Անոր եւ Անոր ներկայութիւնը կեանքի վերածենք մեր կեանքին մէջ:

Աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ արեւագալի արարողութեան շարականները գեղեցկօրէն մեկնաբանած դպրեվանքի սաներուն եւ խօսքը ուղղելով մեր ծնողներուն` յանձնարարեց, որ իրենց զաւակները ուղղեն դպրեվանք, որ սփիւռքի հիմնական կառոյցներէն մէկը կը հանդիսանայ: Ան նաեւ ողջունեց Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտութիւնը, տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը: Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ ողջունեց` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանը, Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ թաղականութիւնը, տիկնանց յանձնախումբը եւ յարակից մարմինները` անոնց մաղթելով արդիւնաւէտ ծառայութիւն:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, գլխաւորութեամբ վեհափառ հայրապետին, հոգեւորականաց դասը, Ազգային իշխանութիւնը, թաղականութիւնն ու դպրեվանեցիները եկեղեցւոյ սրահին մէջ միասնաբար ունեցան իրենց աւանդական նախաճաշը, որ պատրաստուած էր Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին կողմէ:

 

Նախորդը

Թատրոնի Նուիրեալը*

Յաջորդը

Փաշինեանի Դատապարտելի Յայտարարութիւնները Թուրք Լրագրողներուն

RelatedPosts

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?