Չորեքշաբթի, 2 ապրիլի երեկոյեան, երկու դիմակաւոր անձեր մոթորսիքլեթով մուտք գործած են Պէյրութի ՀՄՄ-ի ակումբին թաղը եւ ակումբին ուղղութեամբ կրակելէ ետք փախուստ տուած են:
Մարդկային վնաս չէ արձանագրուած: Ապահովական ուժերը անմիջապէս հասած են դէպքին վայրը: Հետաքննութիւն բացուած է այս դատապարտելի եւ մտահոգիչ միջադէպին շուրջ:


