Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Քարոզչական Յանձնախումբին Կազմակերպութեամբ. Մանուկներու Օրուան Նշում` Մանկական, Ուրախ Եւ Խանդավառ Մթնոլորտի Մէջ

April 5, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մանուկները յատուկ տեղ եւ արժէք ունին ԼՕԽ-ի բոլոր ծրագիրներուն եւ գործունէութեան բազմազան բնագաւառներուն մէջ: Միութեան նպատակն է ո՛չ միայն հոգատար վերաբերում ցուցաբերել մանուկներուն ու պատանիներուն նկատմամբ, այլ` անոնց պարգեւել ուրախ մանկութիւն եւ զուարթ օրեր:

Այս սկզբունքէն մեկնած ալ ԼՕԽ-ը աւանդութեան վերածած է մարտին նշել Մանուկներու օրը` լուսարձակի տակ բերելով մանուկներուն իրաւունքները: Այս տարի ալ, 24 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ համախմբուած էին լիբանանահայ տարբեր վարժարաններէ 3-րդ եւ 4-րդ դասարաններու շուրջ 500 աշակերտներ` նշելու Մանուկներու օրը:

Քարոզչական յանձնախումբին անունով աշակերտներուն բարի գալուստ մաղթեց եւ անոնց տօնը շնորհաւորեց Նանի Գալուստեան, որ դիտել տուաւ, թէ մանուկները պէտք է ուրախ եւ հպարտ ըլլան, որ աշխարհի մէջ իրենց իրաւունքներուն յատուկ օր կայ, որովհետեւ ամէն մարդ գիտէ, որ անոնք ու անոնց բնական աճը շատ կարեւոր են: «Պէտք է բոլոր մեծերը միասին աշխատին, որ դուք ուրախ, առողջ, ապահով ըլլաք, հասակ նետէք, մեծնաք զուարթ մթնոլորտի մէջ, խաղաղ կեանք ունենաք, ձեր տաղանդները զարգացնէք, սիրէք` ձեր ծնողքը, ընտանիքը, ազգականները, դպրոցն ու ընկերները: Սէրը եւ բարիքը շատ կարեւոր են ձեր կեանքին մէջ, անոնք ձեզի կու տան ուժ եւ կարողութիւնը` աւելի լաւ մարդիկ ըլլալու», ըսաւ ան:

Ապա Ն. Գալուստեան յայտնեց, որ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի անդամները ամէն ձեւով կ՛աշխատին, որ Լիբանանի մէջ հոգան գուրգուրանքի կարիք ունեցող երէցներուն, մանուկներուն եւ պատանիներուն, աշակերտներուն, հիւանդներուն եւ բոլորին` նշելով, որ այսօրուան նոր սերունդը պէտք է ծանօթանայ այս բոլորին, որովհետեւ ապագային ինքն է, որ պիտի շարունակէ այս աշխատանքը` իր քոյր-եղբայրներուն նեցուկ կանգնելով եւ ուրիշներուն բարօրութեան համար ճիգ ի գործ դնելով:

Ապա ցուցադրուեցաւ ԼՕԽ-ն ու անոր աշխատանքները ծանօթացնող ամփոփ տեսերիզ մը, ուր նշուեցաւ, թէ 95 տարիներ առաջ Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ գործել սկսած Լիբանանահայ օգնութեան խաչը ժամանակի ընթացքին հիմնեց իր մասնաճիւղերը Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ` ներկայ ըլլալով հոն, ուր հայեր կ՛ապրին:  Անդրադարձ կատարուեցաւ միութեան լայնածիր գործունէութեան`  ծերերուն, հիւանդներուն, մանուկներուն եւ բոլոր օգնութեան կարիք ունեցողներուն վերաբերող: Շեշտը դրուեցաւ մանուկներուն յատկացուած ԼՕԽ-ի ծրագիրներուն վրայ` «Նարօտ Արտալճեան» գրադարան, ԼՕԽ-ի պարտէզ, «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայան եւ այլն:

Ապա Լուսիկն ու իր խումբը իրենց բեմադրութեան, երգերուն ու զրոյցներուն ճամբով մանուկներուն ներկայացուցին իրենց իրաւունքները:

Թնդաց սրահը աշակերտներուն խանդավառութեան ճիչերէն, անոնք մեծ ուրախութեամբ մասնակցեցան երգերուն, պարերուն եւ խաղերուն: Ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը տիրական էին սրահին մէջ, ուրկէ աշակերտները մեկնեցան` ստանալով ԼՕԽ-ի կողմէ իրենց տրամադրուած խորհրդանշական նուէրներ:

Նախորդը

Հրանդ Պետրոսեան. Խոնարհ Ու Հաւատաւոր ՀՄԸՄ-ականը (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Յաջորդը

Աւանդուած Սրբութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
Հրանդ Խտըրլարեանի «Գեղեցկութեան Եւ Ազդեցութեան Արձագանգներ» Խորագիրով Առաջին Անհատական Ցուցահանդէսը
Գաղութային

Հրանդ Խտըրլարեանի «Գեղեցկութեան Եւ Ազդեցութեան Արձագանգներ» Խորագիրով Առաջին Անհատական Ցուցահանդէսը

October 1, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Ասմահանի Եւ Ֆարիտ Աթրաշի Նուիրուած Երեկոյ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Ասմահանի Եւ Ֆարիտ Աթրաշի Նուիրուած Երեկոյ

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.