Միջին Արեւելքի Հայ, Ղպտի Եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու 15-րդ Ժողովը Եգիպտոսի Մէջ
Շաբաթ, 17 մայիս 2025-ին, ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ Գահիրէի պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի, Թաուատրոս Բ. պատրիարքի եւ Աֆրամ Բ. պատրիարքի 15-րդ հանդիպումը` մասնակցութեամբ մնայուն յանձնախումբի վեց անդամներուն: Ժողովը քննարկեց ներկայ աշխարհի պայմաններու լոյսին տակ երեք եկեղեցիները յուզող հարցեր, միջեկեղեցական յարաբերութեան առնչուած խնդիրներ ու մարտահրաւէրներ եւ Արեւելեան ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու հետ...




















