Լեռնալիբանանի, հիւսիսային Լիբանանի եւ Աքքարի զանազան քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն ետք վաղը տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու երրորդ փուլը` Պէյրութ մայրաքաղաքի եւ Պեքայի մէջ:
Ինչպէս յայտնի է, Այնճար հայաւանին մէջ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններ տեղի պիտի չունենան, որովհետեւ առ ի չգոյէ մրցակիցներու ՀՅ Դաշնակցութեան առաջադրած քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու եւ թաղապետներու թեկնածուներու ցանկերը ընտրուած կը նկատուին:
Կը մնայ Պէյրութ մայրաքաղաքը, ուր լիբանանահայութիւնը հնուց ի վեր յայտնի է իր ընտրական կշիռով: Վաղը Պէյրութի մէջ քուէարկող լիբանանահայերը իրենց կատարելիք քուէարկութեամբ երկու նպատակ ունին հետապնդելիք: Նախ, որ իրենք յանձնառու եւ հաւատարիմ են ՀՅԴ եւ հայ քաղաքական միասնական որոշումին նկատմամբ, երկրորդ` իրենք նախանձախնդիր են Պէյրութ մայրաքաղաքին մէջ քրիստոնեայ քաղաքական ուժերու միասնականութեան եւ քրիստոնեայ – իսլամ հաւասարութեան:
Առ այդ, վաղը, Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն, Պէյրութի մէջ քուէարկող լիբանանահայերէն կ՛ակնկալուի ընդառաջել ՀՅ Դաշնակցութեան կոչին եւ քուէարկել յօգուտ Դաշնակցութեան առաջադրած եւ զօրակցած ցանկերուն` «Պէյրութը մեզ կը համախմբէ», «Մտաուարը մեզ կը համախմբէ», «Ռմէյլը մեզ կը համախմբէ» եւ «Էշրեֆիէն մեզ կը համախմբէ»:
«Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»
Քաղաքապետական Խորհուրդի Թեկնածուներու Ցանկ
Ռամի Ղաուի
Ռաշա Ֆաթթուհ
Ֆատի Շահրուր
Էլի Անտրէա
Իպրահիմ Շէյտան
Ուաֆա Ֆախրի Հուսնի
Ռաղեպ Հատտատ
Իմատ Ֆաքիհ
Յովհաննէս Պչաքճեան
Սերժ Մելքոնեան
Ժոել Մրատ
Եուսեֆ Պայտուն
Սքանտար Պրէյտի
Մոհամետ Պալուտա
Սայիտ Հտէյֆէ
Լինա Սըննօ
Էլիաս Ապպաս
Լուիս Այուպ
Թետի Պաթհիշ
Ահմետ Շաթիլա
Վահրամ Պարսումեան
Ժումանա Հալապի
Մոհամետ Մաշաքա
Հիւսէյն Պաթալ
«Մտաուարը Մեզ Կը Համախմբէ»
Թաղապետներու Թեկնածուներու Ցանկ
Ամին Ժալխ
Անթուն Սալֆանի
Նատիա Զուղէյպ
Օմար Տիապ
Րաֆֆի Էլպեքեան
Յակոբ Քէշիշեան
Րաֆֆի Խրիմեան
Յակոբ Ազնաւուրեան
Ռոպեր Քայսերլեան
Պետրոս Թոփճեան
Արմէն Սէֆէրեան
Հրաչ Թաշճեան
«Էշրեֆիէն Մեզ Կը Համախմբէ»
Թաղապետներու Թեկնածուներու Ցանկ
Էլի Սըպպաղա
Մարուան Խէյրալլա
Խալիլ Ուաքիմ
Սըմաան Խուրի
Միշել Մժահես
Անթուն Ռըզըք
Իպրահիմ Հաննա
Էմիլիօ Սատաքա
Պաշիր Ապտել Ժալիլ
Ահմետ Պայտուն
Րաֆֆի Մարգարեան
Հայկ Տէրտէրեան
«Ռմէյլը Մեզ Կը Համախմբէ»
Թաղապետներու Թեկնածուներու Ցանկ
Պշարա Ղլեմ
Շարլ Զիատէ
Ժան Անտրաուս
Իպրահիմ Տաապուլ
Ռեն Ապտելնուր
Միշել Ֆայյատ
Սասին Շեհուան
Էլի Միշել Նասսար
Շհատէ Նաամէ
Էլի Քամիլ Նասսար
Պետրոս Գուլաճեան
Սարգիս Գրաճեան