Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին

May 10, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 29 ապրիլ 2025-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին ՔԱՀԼ-Ի Հայ տարեցներու տան տիկնանց յանձնախումբը հանդիսաւոր կերպով նշեց Մայրերու օրը Տըպպայէի «Լա մարինա քլապ» ճաշարանին մէջ:

Սրահը լեցուն էր գարնան ծաղիկներու բոյրով, ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտով եւ ազնուաշուք հրաւիրեալներով`  նուիրուած մեր սիրելի մայրերուն:

Ներկայ էին ազգային, բարեսիրական, եկեղեցական տարբեր կառոյցներու տիկնանց յանձնախումբերու  ներկայացուցիչներ եւ ՔԱՀԼ-ի  հաստատութիւնը քաջալերող հոծ թիւով բարեկամներ:

Օրուան  հանդիսավար, յանձնախումբի  ատենադպրուհի Շաքէ Գարայեան իր բացման խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները` շնորհաւորելով  բոլորին  Մայրերու տօնը, ապա շեշտեց մօր դերակատարութեան կարեւորութիւնը` նշելով, որ մայրը միշտ  եղած է  ազգին  յենարանը եւ իրմով  յարատեւած է ազգը: Ան աւելցուց` ըսելով. «Այսօր մենք հաւաքուած ենք ոչ միայն նշելու օրացոյցէն տօն մը, այլեւ` մեր հոգիներուն խորքէն խօսելու ձեզի, սիրելի մայրեր եւ մեծ մայրեր: Անձնուէր սիրոյ, անմար գուրգուրանքի եւ անդադրում աղօթքի խորհրդանիշ էք դուք: Ձեր հեզ ու ուժեղ ներկայութիւնը այն հիմքն է, որուն վրայ կանգնած են ընտանիքները, եւ ձեր օրհնանքներով է, որ կը լուսաւորէք  սերունդներու  ճամբան»: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց Թալին Խաչատուրեանին, որ սիրայօժար ու մեծ գոհունակութեամբ ընդառաջած էր  այս  ձեռնարկի նախագահութիւնը ստանձնելու հրաւէրին եւ կատարած` սրտաբուխ իր նուիրատուութիւնը: ՔԱՀԼ-ի տիկնանց յանձնախումբը ծաղկեփունջով մը  պատուեց օրուան նախագահը:

Պատուելի Թերզեան իր խօսքը սկսաւ` շնորհակալութիւն  յայտնելով  ներկաներուն,  որոնք  ընդառաջեցին  եւ ներկայ  գտնուեցան  այս ձեռնարկին` միասին վայելելու օրուան  ջերմութինը: Պատուելին ուզեց, որ ներկաները յատուկ ձեւով տեղեկանան ՔԱՀԼ-Ի տիկնանց  յանձնախումբի անդամներուն երկար տարիներու անձնազոհ եւ նուիրեալ ծառայութեան ու աշխատանքին մասին` ի նպաստ ՔԱՀԼ-ի բարգաւաճման: Ան նաեւ գնահատեց  հաստատութեան անձնակազմը եւ անոր տարած դժուարին, սակայն շատ կարեւոր առաքելութիւնը: Պատ. Թերզեան հակիրճ անդրադարձաւ հաստատութեան եւ յատկապէս կուրանոցին պատմականին, որ կ՛երկարի մինչեւ 1923 Ղազիրի որբանոց: Ցեղասպանութենէն 110 տարիներ անցած են, եւ տակաւին հաստատութիւնը կը շարունակէ իր ծառայութիւնը` պատսպարելով մեր նահատակներուն թոռները:

Պատուելի Թերզեան անդրադառնալով այս ծառայութեան` ըսաւ, որ այդ մէկը սիրոյ արտայայտութիւն է` հրաւիրելով բոլորս` զիրար սիրելու իբրեւ մէկ ընտանիքի անդամներ, սիրել զիրար` իբրեւ գաղութ եւ սիրել զիրար իբրեւ մէկ ազգի  զաւակներ: Յատկապէս այս օրերու անկիւնադարձային դժուարին պայմաններուն, աւելի քան երբեք, պէտք է միասնական ըլլալ եւ ձեռք-ձեռքի տալով` յաղթահարել ամէն տեսակի դժուարութիւններ: Ձեռք պէտք է երկարենք մեր շուրջ գտնուող կարօտեալին եւ տկարին: Այս սիրոյ արտայայտութիւնը իր ջերմ դրսեւորումը  կ՛ունենայ  նաեւ ՔԱՀԼ-ի մեծ ընտանիքին հանդէպ, ուր անտէր տարեցը կը ստանայ խնամք եւ յարգանք:

Ճաշկերոյթին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ջութակահար Շահէ Աւագեան հաճելի նուագով դիմաւորեց հրաւիրեալները: Ապա վաստակաւոր երգիչ Վիգէն Տիշչէքէնեան, նուագի ընկերակցութեամբ Շանթ Տիշչեքէնեանի,  ազգային, հայրենասիրական եւ սիրուած երգերով ճոխացուց ձեռնարկը եւ ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծեց:

Աւարտին ներկաները մեծ գոհունակութիւն յայտնեցին եւ փափաք ներկայացուցին, որ նման ձեռնարկներ կրկնուին: Անոնք բարձր տրամադրութեամբ  բաժնուեցան սրահէն:

Այս ձեռնարկը իր բովանդակութեամբ ու նպատակի խորքով միաժամանակ հանդիսացաւ երախտագիտութեան ու յարգանքի պարգեւ` մեր մայրերուն, իսկ բարեսիրական բնոյթով` իրական օրհնութիւն մը հաստատութեան համար: Այսպիսի պահեր կը հաստատեն, որ սիրոյ, յարգանքի ու գուրգուրանքի ձայնը երբեք պէտք չէ լռէ, մանաւանդ երբ ան ուղղուած է մեր մոռցուած, բայց ոսկեայ սերունդին` մեր մայրերուն եւ մեր հայրերուն:

 

Նախորդը

Խոր Վիշտով Եւ Կսկիծով Կը Գուժենք Ընկեր Վարդգէս (Վագօ) Խտըրլարեանի Մահուան Տխուր Լուրը

Յաջորդը

Հերոսածին Մայրեր

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն` Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի

November 14, 2026
Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը
Գաղութային

«Լիբանանահայ Գիրքի Պատմական Ուղին Եւ Հրատարակչական Հոլովոյթը» Խորագիրով Կլոր-Սեղան Քննարկում Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

November 14, 2026
Պէյրութ Մարաթոն-Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն Գործակցութեան Մեկնարկ
Գաղութային

Պէյրութ Մարաթոն-Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն Գործակցութեան Մեկնարկ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.