Հաղորդագրութիւն
Հիւսիսային Լիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան կիրակի, 11 մայիս 2025-ին: Այս ընտրութիւններուն ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ Մինայի քաղաքապետական խորհուրդի անդամակցութեան համար թեկնածու առաջադրուած է Ժաք Չամքերթենեան: Կոչ կ՛ուղղենք հիւսիսային Լիբանանի Մինա շրջանէն սըժըլի թիւ ունեցող մեր համակիրներուն ու հայրենակիցներուն կատարելու իրենց քաղաքացիական պարտաւորութիւնը եւ աջակցելու շրջանի հայութեան ներկայացուցիչի թեկնածութեան: ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ




















