Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաշատի Պետական Թատրոնի Հիւրախաղերը Պէյրութի Մէջ

Մայիս 19, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԻ ՀԱՍՐԱԹԵԱՆ 
Արտաշատի պետական թատրոնի
հանրային կապերու պատասխանատու

Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական կեդրոնական  բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան հրաւէրով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան  կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ երեքշաբթի, 6 մայիս 2025-ին Պէյրութ այցելեցին հայրենի Արտաշատ քաղաքի Ա. Խարազեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի խումբ մը դերասաններ` ներկայացնելու Յովհաննէս Թումանեանի «Բարեկենդանը» հեքիաթը` բեմադրութեամբ Կարէն Խաչատրեանի:

«Բարեկենդանը» ներկայացումը նախորդ ամիսներուն մասնակցած է Ռուսիոյ, Ղազախստանի, Վրաստանի եւ Իրանի միջազգային թատերական  փառատօներուն` արժանանալով շարք մը մրցանակներու:

Չորեքշաբթի, 7 մայիս 2025-ին, յետմիջօրէի ժամը 13:00ին «Բարեկենդանը» ներկայացուեցաւ Շամլեան Թաթիկեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ, ապա ուրբաթ, 9 մայիս 2025-ին աւանդական դարձած Մշակութային օրուան ծիրին մէջ հեքիաթը ներկայացուեցաւ Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ:

Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի աշակերտութեան հետ ներկայացումը  դիտեցին`  Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտներ, ուսուցիչներ, թատերասէրներ, հիւրեր… Ներկայացման աւարտին թատրոնի տնօրէն Կամօ Նաղտալեան Վարդուկ Պալքճեանին յանձնեց թատրոնի 90-ամեակին առիթով լոյս տեսած յոբելենական գիրքը եւ Արտաշատի թատրոնի այցեքարտը հանդիսացող խորհրդանշական լուսանկարը:

Դերասաններն ալ տնօրէնուհիին կողմէ ստացան դպրոցը խորհրդանշող յուշանուէրներ:

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի պատասխանատուներ Մարտիկ Տեմիրճեան եւ Ժան Պէքերեճեան բարձր գնահատեցին
նախաձեռնութիւնը եւ Կարէն Խաչատրեանի  իւրօրինակ բեմադրական արուեստը:

Էշրեֆիէի բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութեան, ուսուցչակազմին, ծնողներուն  եւ թատերասէրներուն միացած էր Այնճարի Հայ  աւետարանական երկրորդական վարժարանի աշակերտութիւնը: Ներկայացման աւարտին վարժարանի տնօրէն Մարալ Տեկերմենճեան յատուկ յուշանուէրներով պատուեց  հայրենի արուեստագէտները, ապա թատրոնի տնօրէն Կամօ Նաղտալեան նախարարութեան եւ թատրոնին կողմէ հայրենանուէր գործակցութեան համար շնորհակալագիր յանձնեց  վարժարանի տնօրէն Մարալ Տեկերմենճեանին, ապա կատարելով Արտաշատ քաղաքի գեղարուեստի դպրոցի սաներու խնդրանքը, խաղաղութեան ու երջանկութեան մաղթանքներով տնօրէնուհին յանձնեց իրենց  խեցեգործական աշխատանքներէն մէկը:

Ձեռնարկի աւարտին «Վանայ Ձայն»ի լրագրող Շողիկ Թորոսեան ընդարձակ հարցազրոյց մը ունեցաւ հայրենի արուեստագէտներուն հետ: Պէյրութի մէջ ներկայացումը ունեցաւ շուրջ հազար հանդիսատես: Արտաշատցիները ներկայ գտնուեցան Անթիլիասի կաթողիկոսարանի երեկոյեան ժամերգութեան, այցելեցին` Հարիսա ուխտավայր, Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն», Պաթրուն, երկրի տեսարժան վայրեր, ամէնուր հանդիպելով հայրենակիցներու…

Ուրբաթ, 9 մայիս 2025 երեկոյեան հայրենի արուեստագէտները բարձր տպաւորութիւններով վերադարձան հայրենիք…

 

 

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նոր Փուլ, Նոր Մարտահրաւէրներ

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Խոհեր` Ցեղասպանութեան 110-րդ Տարելիցի Առիթով

RelatedPosts

Միջին Արեւելքի Հայ, Ղպտի Եւ Ասորի Ուղղափառ  Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու  15-րդ Ժողովը Եգիպտոսի Մէջ
Գաղութային

Միջին Արեւելքի Հայ, Ղպտի Եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու 15-րդ Ժողովը Եգիպտոսի Մէջ

Մայիս 19, 2025
‎ԿՈՉ
Գաղութային

ԿՈՉ

Մայիս 17, 2025
Լիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական  Ընտրութիւններ-2025
Գաղութային

Վաղը` Պէյրութի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?