Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է, Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»

May 17, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ «Վանայ Ձայն»-ի հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի կացութեան:

Բագրատունի նշեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չի վախնար պատերազմէն, եւ պատերազմի սպառնալիքը կ՛օգտագործէ սարսափեցնելու համար հակառակորդը, որպէսզի միաժամանակ կարենայ իր միւս նպատակները իրագործել:

Ան նշեց, թէ նախագահ Թրամփի համար Իսրայէլի գոյութեան հարցը հիմնական է, եւ Աբրահամեան համաձայնութեան ենթահողը իրականութեան մէջ Իսրայէլը կայուն պետութիւն մը պահելու, անոր դէմ բոլոր վտանգները վերացնելու եւ Միջին Արեւելքը իսրայէլեան ընդհանուր հովանիին տակ դնելու միտումը ունի:

Ան յայտնեց, որ հակառակ Լիբանանի կառավարութեան Միացեալ Նահանգներուն հետ կնքած զինադադարին, իսրայէլեան յարձակումները կը շարունակուին, եւ աւելի քան երեք հազար խախտումներ կատարուած են, միշտ ալ յորդորներ կը հնչեն, թէ Իսրայէլ պէտք է հեռանայ, սակայն հիմնական խնդիրը կը մնայ Դիմադրութեան զէնքը, որ տակաւին կը մնայ թէական, թէ խօսքը Լիթանի գետէն հարա՞ւ, թէ՞ հիւսիս զէնքի գոյութեան մասին է: Բարեբախտաբար Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աուն բարձր գիտակցութեամբ ու պատասխանատուութեամբ հարցին կը մօտենայ, որովհետեւ այդ հարցը կը վերաբերի Լիբանանի կարեւոր մէկ համայնքին, եւ հանրապետութեան նախագահը կը խուսափի ներքին բախումներէ, եւ ճիշդ է, որ այդպէս կ՛ընէ:

Բագրատունի ընդգծեց, որ քրտական հարցը կը մնայ վէրք մը, որ չէ սպիացած եւ պիտի չսպիանայ` նշելով, որ քրտական խնդիրը այսօրուան խնդիր չէ, այլ աւելի քան մէկ դարու խնդիր է, որուն համար զէնքերը վար դնելու պարագային կը նշանակէ, թէ որոշ ակնկալութիւններ կամ քիւրտերուն տրուած որոշ խոստումներ կան:

Երեսփոխանը յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն ջնջումը արդէն դրական ազդեցութիւն ունեցած է այդ երկրին վրայ, նաեւ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ:

Ան յայտնեց, որ ամբողջ շրջանը կ՛երթայ դէպի Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացում, ինչ որ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ: Լիբանանը միշտ եւ ճիշդ քայլով մը, նշած է, թէ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնող վերջին երկիրը պիտի ըլլայ, եւ այդ քայլին հիմը պիտի ըլլայ  1949-ի զինադադարի համաձայնագիրը, որուն հիմամբ Լիբանանի մէջ Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւեալ հող չկայ:

Բագրատունի ըսաւ, որ ոչ շատ երկար ժամանակաշրջանի մէջ Լիբանանը աստիճանաբար իր կենսունակութիւնը պիտի վերագտնէ:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բագրատունի նշեց, որ շրջանին մէջ ընդհանուր հանդարտութիւնը նաեւ հայերուն համար անհրաժեշտ է, որպէսզի մենք ալ կարենանք վերագտնել մեր ուժերը, մեր շունչը աւելի երկարենք եւ մեր համայնքներուն կեանքը վերաշխուժացնենք, աւելի կազմակերպուինք եւ մեր հիմնական նպատակներուն հետամուտ ըլլանք:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ռուսիոյ Քիրիլ Պատրիարքը Ներկայացնող Պատուիրակութեան Հետ

Յաջորդը

Վաղը` Պէյրութի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները

RelatedPosts

Կիպրոսի Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Գաղութային

Կիպրոսի Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

January 15, 2026
Կառավարութիւնը Պիտի Գումարէ Իրերայաջորդ  Նիստեր, Իսկ Տոհայի Ժողովը Եղած Է Լուրջ Եւ Դրական
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի Երկրորդ Փուլ. Առկախումներ, Ուղերձներ

January 15, 2026
Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան  Եւ Վերադարձան Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան Եւ Վերադարձան Հայաստան

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.