Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի անգլերէնի ուսուցչուհի Լենա Պօղոսեանի «Echoes Of A Classroom» գրքոյկին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 2 մայիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Պատկեր» ճաշարանի սրահին մէջ: Յայտագիրը ներկայացուց Կարինէ Շատոյեան:
Բացման խօսքը կատարեց «Տարբերակ 21»-ի խմբագիր Վարուժան Թէնպէլեան: Շուիի վրայ նուագով հանդէս եկաւ արցախցի Խաչատուր Լալայեան` Հադրութէն, որ ներկայիս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի Ա. ժառանգաւորաց բաժինի աշակերտ է:
Հեղինակին գիրքը ներկայացուց «Զուարթնոց» կեդրոնի եւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան մէջ յատուկ կրթութեան կարիք ունեցող երեխաներու ուսուցչուհի եւ Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի առաջնորդ Սթեֆանի Արսլանեան-Յովսէփեան:
«Կռո՛ւնկ, գնա՛» երգով ներկաները յուզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի Դ. ժառանգաւորաց բաժինի աշակերտ Նարեկ Պոյաճեանը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Յովիկ Խաչիկեանի (Հալէպէն):
Հայերէնով, արաբերէնով եւ անգլերէնով խօսք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի անգլերէնի ուսուցչուհի «Echoes Of A Classroom» գիրքի հեղինակ Լենա Պօղոսեան:
Աւարտին Հայ աւետարանական քոլեճի 2023-ի շրջանաւարտ եւ այժմ Լիբանանի պետական համալսարանի կենսաքիմիաբանութեան ուսանող Հրակ Մամիկոնեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար»-ը:
Լենա Պօղոսեանի գիրքին գինեձօնէն ետք հեղինակը շնորհակալական ծաղկեփունջերով պատուեց «Պատկեր»-ի սեփականատէր Արփի Մանկասարեանը եւ ձեռնարկի յայտագիրին մասնակիցները: