Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿՈՉ

Մայիս 17, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի թաղապետական եւ քաղաքապետական ընտրութիւններու Պէյրութի փուլն է վաղը: Պուրճ Համուտի, Այնճարի, Լեռնալիբանանի մէջ Դաշնակցութեան առաջադրած, դաշնակցած եւ զօրակցած ցանկերու ընտրական յաղթանակներէն ետք կարգը Պէյրութինն է:

Ընտրական գործնական կանոնները կը տարբերին այս պարագային: Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ կարելի եղած է գոյացնել քրիստոնեայ քաղաքական ուժերու միաւորում, որպէսզի կրօնադաւանական հաւասարակշռութիւնը պահպանուի: Այս հաւասարակշռութեան պահպանումը քաղաքական նշանակութիւն ունի եւ կայանալու պարագային իր դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ հետագայ իրադարձութիւններուն վրայ:

Պէյրութի պարագային տարբեր ցանկեր առաջադրուած են, եւ անոնցմէ ոմանք ընտրապայքար կը մղեն ոչ անպայման ծրագիրներու շուրջ քուէ համախմբելու, այլ պարզապէս ընդդէմ ներկայ համակարգին` համայնքներու քաղաքական ներկայացուածութիւնները փոխելու համար:

Ի տարբերութիւն այլ ընտրաշրջաններու, յայտնապէս համայնքներու ներկայացուածութիւնը տապալելը նպատակ է որոշ կազմակերպութիւններու համար: Անոնց առաջադրած թեկնածուներէն շատեր որեւէ ներդրում կամ ընդհանրապէս կապ չեն ունեցած մեր համայնքի կազմակերպ կեանքին հետ:

Կոչ կ՛ուղղենք Պէյրութ քուէարկող մեր ընտրազանգուածին խիտ շարքերով ներկայանալու ՀՅԴ ընտրական կեդրոններ, համապատասխան ցուցմունքն ու ուղեկցութիւնը ունենալու եւ քուէարկելու քաղաքապետական խորհուրդի եւ թաղապետներու այն ցանկերուն, որոնք կազմուած են ինչպէս լիբանանահայ, այնպէս նաեւ քրիստոնեայ ուժերու համախոհութեան եւ Պէյրութի այլ դաւանանքներու հետ կայացած համաձայնութեան վրայ:

Պէյրութի մէջ հայկական քուէն քաղաքական իմաստ ունի, եւ անոր համախումբ կայացումն ու արդիւնաւորումը հիմնական երաշխիք կը նկատուին երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն համայնքի իրողական ներկայացուածութիւնը ապահովելու համար:

Վաղը` բոլորս դէպի ՀՅԴ ընտրական կեդրոններ, այնտեղէն ուղղուելու համար քուէատուփեր:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Վաղը` Պէյրութի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 201-ի Լուծում

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?