Լիբանանահայ թատերական կեանքին մէջ իրենց դրոշմը դնելով` 9, 10, 11 եւ 14 (կալա) մայիսին 2025-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ «Թէաթրոն» թատերախումբը, բեմադրութեամբ Սուրէն Խտըշեանի, հանդէս եկաւ Վահէ Պէրպէրեանի հեղինակած «Կեանք» թատերախաղով:
«Կեանք»-ը հզօր եւ յուզիչ պատմութիւն մըն է ընտանիքի մը մասին, որ խորտակուած է տագնապի ծովուն մէջ: Սոյն ներկայացումը, որուն դէպքերը տեղի կ՛ունենան Լոս Անճելըսի մէջ, կեդրոնացած է ամոլի մը շուրջ` Հայկ եւ Սոնա, որոնց յարաբերութիւնը հասած է փակուղիի մը: Ներկայացումը կը շարժի անցեալէն դէպի ներկայ` հակադրելով ժամանակի երկու տարբեր կէտերը. անցեալը` ընտանիք մը, որ փլուզումի եզրին է, եւ ներկայ, ուր Հայկը կը մտնէ մահաքունի մէջ: Հայկին անշարժ մարմինին շուրջ հաւաքուած են անոր կինը, երկու աղջիկները եւ մայրը: Պատմութեան յառաջանալուն հետ կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս ընտանիքի անդամները կը դիմագրաւեն այս տագնապը` ցոյց տալով զգացումներու ամբողջական երանգներ: Յաճախ կատակով ու զուարճութեամբ, իւրաքանչիւրը իր սեփական ձեւով կը պայքարի կացութեան դէմ, կ՛ընդունի կամ կը մերժէ զայն: Իւրաքանչիւր հանդիսատես այդ կերպարներուն եւ ստեղծուած կացութիւններուն մէջ տեղ մը կամ պահու մը գտաւ ինքզինք, իր մտածումներն ու զգացումները, ներքին տագնապներն ու խոհերը` ոչ միայն դիտելով «Կեանք»-ը, այլ` զայն ձեւով մը ագուցելով իր կեանքին ալ:
Թատերախաղին դերակատարներն են` Կարէն Տարագճեան, Այտա Մահսերեճեան-Սրապոնեան, Գոհար Քերոբեան, Ռաֆայէլ Կիւմիւշեան, Յարութ Մանուկեան, Հուրի Պապահէքեան, Սարին Օհանեան-Մարգարեան:
Անոնցմէ իւրաքանչիւրը մարմնաւորեց իրեն վստահուած տիպարը` արժանանալով հանդիսատեսին գնահատանքին:
14 մայիսին` կալայի ելոյթին, ներկայ եղաւ նաեւ գիրքին հեղինակը` Վահէ Պէրպէրեան, որ Լիբանան կը գտնուի ներկայացնելու իր վերջին մենաթատրոնը`«Բայց»-ը:
Աւարտին թատերախումբին կողմէ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Վահէ Պէրպէրեանին, որ մեծապէս գնահատեց թատերախաղի բեմադրութիւնն ու խաղարկութիւնը:
Յայտնենք, որ ժողովուրդի բուռն փափաքին ընդառաջելով` «Կեանք» թատերախաղը դարձեալ պիտի ներկայացուի ուրբաթ, 30 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: