Ազդակի 77-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 22 մայիս 2025-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով 18:00-ին: Դասախօսն էր Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայերէն բաժինի խմբագիր Բագրատ Էսթուքեան: Նիւթ` Թուրքիոյ վերջին իրադարձութիւնները: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
«Ակօս»-ի խմբագիրը նախ անդրադարձաւ Թուրքիոյ ներքին ժողովրդագրական կազմուածքին` շեշտելով անոր դիմագրաւած հիմնական խնդիրները: Ներքին խնդիրներու պարագային Էսթուքեան շրջանակը գծեց համաշխարհային մակարդակով, այնտեղ արձանագրուող դրամատիրութեան արշաւանքին պատճառով ստեղծուած կացութիւններուն անդրադառնալով, շեշտելով, որ Թուրքիան եւս անմասն չէ մնացած այդ բոլորէն, որոնք ստեղծած են ներքին շատ սուր հակասութիւններ:
Բագրատ Էսթուքեանի դիտարկումներն ու վերլուծումները հետաքրքրական էին այն առումով, որ իրադարձութիւնները ներքին-արտաքին գիծերու վրայ կը ներկայացուէին «ներս»-էն` պահելով առարկայականութիւնը եւ տուեալներու հիման վրայ կառուցուած տեսութիւններու իրատեսութիւնը:
«Ակօս»-ի խմբագիրը խօսեցաւ նաեւ Երեւան-Անգարա այսօրուան երկխօսութեան անհեռանկարայնութեան մասին` ընդգծելով, որ Ազրպէյճանը ստանձնած է այս գործընթացին մէջ «աւագ եղբօր» դերակատարութիւնը:
Հետաքրքրական եւ ուշագրաւ մօտեցումներ փոխանցող այս դասախօսութեան հետեւեցաւ հարցումներու եւ տեսակէտներու փոխանցման ճամբով նիւթը յաւելեալ ձեւով խորացնող քննարկում: Լսարանին ամբողջական տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի եութիուպեան ալիքին վրայ` https://www.youtube.com/watch?v=0KskrbWwA9g


