Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Forget Me Not: Siroun Ararat» Գիրքի Ներկայացում Եւ Ցուցահանդէս` Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ

May 27, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 16 մայիսին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան նախաձեռնութեամբ, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «FORGET ME NOT: SIROUN ARARAT» հատորի ներկայացումը` ներկայութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու աշակերտներու մեծ խումբի մը:

Այս առիթով ողջոյնի խօսք արտասանեց եւ նախաձեռնութեան մասին տեղեկութիւններ տուաւ հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան կոչ ուղղեց աշակերտութեան` ունենալու գիրքը` միաժամանակ զայն նուիրելու իրենց տարեկից բարեկամներուն: Ապա ցուցադրուեցաւ հրատարակութեան մասին տեսերիզ մը, որմէ ետք խօսք առաւ ծրագիրի հեղինակ եւ ստեղծագործական տնօրէն պատասխանատու Ալիք Թապագեան: Ան աշակերտութեան բացատրեց, թէ ի՛նչ նպատակով ինք այս գաղափարը մշակած ու պատրաստութեան ձեռնարկած է:

Գիրքի հեղինակ, երեսփոխան եւ համալսարանի դասախօս դոկտ. Անթուան Հապշի արտասանեց իր խօսքը եւ շահեկան զրոյց մը ունեցաւ աշակերտութեան հետ: Ան իւրայատուկ ոճով աշակերտներուն ներկայացուց ազգային ինքնութեան ու հաւաքական յիշողութեան մասին իր տեսութիւնները եւ արժեւորումները ու անհրաժեշտ նկատեց նորահաս սերունդներու մօտ ազգային ժառանգութեան պահպանման ջահը անմար մնալը:

Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ այս հրատարակութեան ծրագրի ընդհանուր հովանաւոր Մաժետ Քոսթանթին:

Յայտնենք, որ 23 ապրիլէն 16 մայիս հատորը ներկայացուեցաւ ցուցասրահին մէջ եւ աշակերտներ ու տարբեր տարիքի անհատներ այցելեցին ցուցասրահ եւ ծանօթացան գիրքի բովանդակութեան, ինչպէս նաեւ` անոր մէջ տեղ գտած նկարներուն, որոնք այս առիթով մեծ չափի վերածուած ու ցուցադրութեան դրուած էին սրահին մէջ:

Հատորը հրատարակութիւնն է «Flora Majic Books»-ի եւ երեք լեզուներով` հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լոյս տեսած է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն: Հատորը կարելի է ապահովել նաեւ Համազգայինի գրախանութէն:

Նախորդը

Լեւոն Արք. Զէքիեան Նոր Կեանք Կը Շնորհէ Գրաբարին` Մխիթար Աբբահօր Մահուան 276-Ամեակի Յոբելենական Ձեռնարկին

Յաջորդը

Forget Me Not: Siroun Ararat Հրատարակութեան Առիթով

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.