Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրեզնոյի Հայ Բժշկական Առաքելութիւնը Չորրորդ Տարին Ըլլալով Լիբանանի Մէջ

Մայիս 27, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օրհնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին,  գործակցութեամբ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին, անցնող օրերուն Ֆրեզնոյի Հայ բժշկական առաքելութեան բժիշկները, գլխաւորութեամբ բժշկական առաքելութեան նախագահ եւ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի, բժշկական անվճար ծառայութիւններ մատուցեցին ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն յաճախող հայորդիներու:

Պատուիրակութիւնը երեքշաբթի, 20 մայիս 2025-ին ժամանեց ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, եւ «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ  հանդիպում մը:

ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Նազելի Աւագեան ողջունեց ներկայութիւնը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբան հայր Մովսէս աբղյ. Եոսուլքանեանի, Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեանի եւ բժիշկներուն, ԼՕԽ-ի շրջանային Վարչութեան եւ կեդրոնի յանձնախումբին:

Նազելի Աւագեան անդրադարձաւ նախորդ երեք տարիներուն Ֆրեզնոյի բժիշկներուն ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոն այցելութեան  եւ կեդրոնէն ներս ունեցած ծառայութեան դրական անդրադարձին, եւ ի մասնաւորի` լիբանանահայ գաղութին զաւակներուն թէ լիբանանցի  համաքաղաքացիներուն վրայ, որովհետեւ բժիշկները նուիրումով եւ անշահախնդրօրէն կատարեցին իրենց առաքելութիւնը: Ապա բարի աշխատանք եւ կեցութիւն մաղթեց անոնց իրենց տան մէջ ու խօսքը փոխանցեց կեդրոնի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեանին, որ իր կարգին շրջանային վարչութեան ու կեդրոնի յանձնախումբին անունով  բարի գալուստ մաղթեց Ֆրեզնոյի Հայ բժշկական առաքելութեան ու շեշտեց առաքելութեան ցուցաբերած բարոյական թէ նիւթական զօրակցութիւնը, որ մեծապէս գնահատելի աշխատանք մըն է:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Մովսէս աբղյ. Եոսուլքանեան պահանիչով օրհնեց առաքելութեան բժիշկներուն աշխատանքը, անդրադարձաւ Ֆրեզնոյի հայ համայնքին եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին միջեւ ստեղծուած կապին եւ Լիբանան` ու Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու հայ գաղութներու մերձեցումին: Մաղթեց, որ Աստուած օրհնէ կեդրոն ժամանած Ֆրեզնոյի բժիշկներուն առաքելութիւնը, որովհետեւ անոնց Լիբանանէն ներս ներկայութիւնը լիբանանցիներուն զօրակցող մարդուժ մը է:

Հանդիպման եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ Հայ բժշկական առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեան, որ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կեդրոնի տնօրէնութեան եւ առաքելութեան բժիշկներուն, որոնց գործակցութեան շնորհիւ առաքելութիւնը կը յաջողի իրագործել իրեն վստահուած ծառայութիւնը: Ապա փառք տուաւ Աստուծոյ, որուն օրհնութեամբ առաքելութեան բժիշկները կը կատարեն իրենց աշխատանքը:

Բարի գալուստի եւ երախտիքի խօսքերէն ետք բժշկական պատուիրակութեան մասնագէտ բժիշկները` ներքին հիւանդութիւններու, ընդհանուր մարմնի, մանկաբուժ, ոսկրաբուժ, ատամնաբուժ եւ վիրաբուժ իրենց ծառայութիւնները ի սպաս դրին կեդրոն ներկայացող պարագաներուն, որոնց ցուցաբերեցին հոգատարութիւն եւ խնամք: Ֆիզիքական քննութիւններուն զուգահեռ` բժիշկները այցելու պարագաներուն յատկացուցին նաեւ դեղորայք:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ԼՕԽ-Ի «ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ» 
ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ

Նախորդը

Լիբանանահայ Թատրոնի 100-Ամեայ Պատմութիւնը Ներկայացնող Գիրքի Շնորհահանդէս

Յաջորդը

Իրան-Միացեալ Նահանգներ Յարաբերութիւններու Հաւանական Ուղղութիւնները Միջին Արեւելքի Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?