Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ. «Արեւելքէն Արեւմուտք Եւ Արդիականութենէն Յետարդիականութիւն» Ցուցահանդէսի Բացում

Մարտ 20, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-19-15_tsoutsahantesՀայկազեան համալսարանը ներկայացուց  Երեւանի «Բարձր արուեստ» կեդրոնի «Արեւելքէն արեւմուտք եւ արդիականութենէն յետարդիականութիւն» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը  իր հիմնադրութեան 60-ամեակին առիթով հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ «Մախզումի» հիմնարկին հետ համագործակցաբար, հինգշաբթի, 19 մարտ 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան նշեց, որ ասիկա Հայկազեան համալսարանի 60-ամեակի ծիրին մէջ տեղի ունեցող երկրորդ ձեռնարկն է, ուր կը նշուի կեանքը եւ կամքը գեղեցիկը արարելու` նկատի ունենալով, որ ան կը համընկնի նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, եւ այս ձեռնարկները կը նուիրուին երիտասարդ սերունդին:

Ան ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ ուշագրաւ է գնահատանքն ու սէրը գեղեցկութեան հանդէպ, իսկ Հայաստան մշակոյթի ու արուեստի երկիր ըլլալով բնական է, որ Հայկազեան համալսարանը պիտի ուզէր լիբանանի հասարակութեան ներկայացնել Հայաստանի բարձրագոյն արուեստի գործերը: Ան եզրափակեց խօսքը ըսելով, թէ որքան կեդրոնանանք մեզ շրջապատող տգեղութիւններուն վրայ, աւելի տեղի կու տանք, իսկ որքան ուշադրութիւն դարձնենք գեղեցկութեան, մեր հոգիները սլացք կ՛առնեն:

Խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ նկատել տուաւ, թէ հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին  միշտ ալ պայքարած է յանուն իր լեզուի պաշտպանութեան, գոյութեան, կրօնին եւ իւրայատուկ նկարագիրի պահպանման: Քոչարեան ըսաւ, թէ հպարտ ենք աշխարհահռչակ մեր երգիչներով, արուէստագէտներով եւ գիտնականներով: Ան նշեց, որ 2015 թուականը կարեւոր թուական է հայ ժողովուրդին համար, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցն է, որուն առիթով կը  վերահաստատենք, որ հայ ժողովուրդը որոշած է ապրիլ, ստեղծագործել եւ յաւիտեան գոյութիւն ունենալ:

Դեսպան Քոչարեան գոհունակութիւն յայտնեց գործակցելու հեղինակութիւն վայելած համալսարանին հետ:

Իր խօսքի աւարտին ան շնորհաւորեց Հայկազեան համալսարանի նախագահութիւնը, պաշտօնէութիւնը, անձնակազմը եւ դասախօսական կազմը իր 60-ամեակին առիթով` մաղթելով նորանոր նուաճումեր եւ յաջողութիւն ձեռնարկներու եւ ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ:

Ապա խօսք առաւ «Մախզումի» հիմնարկի հիմնադիր Ֆուատ Մախզումի, որ շնորհաւորեց Հայկազեան համալսարանի 60-ամեակը եւ յայտնեց, որ համալսարանի ուսանող սերունդին մէջ կը տեսնէ 21-րդ դարու Լիբանան հայրենիքի ապագան եւ հաստատուն հիմքը: Ան նկատել տուաւ, որ մեծ բեռը այսօր կը շալկեն հաստատութիւնները, բարեսիրական կազակերպութիւնները, որոնք պէտք է նոր հորիզոններ բանան երիտասարդութեան առջեւ եւ աշխատանքի առիթներ ընծայեն անոնց:

Ան շեշտեց ուսման անհրաժեշտութիւնը, դիմակայելու որեւէ մոլեռանդութիւն, եւ քաջութեամբ պայքարիլ եւ խորհրդակցիլ հայրենիքի քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան վերաբերող հարցերուն գծով:

Ան գնահատեց Լիբանանի հայութիւնը, որուն ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ տարբեր բոյր տուած է եւ լաւագոյն օրինակը կը հանդիսանայ խաղաղ համակեցութեան:

Վերջին խօսքով Երեւանի «Բարձր արուեստ» կերպարուեստի կեդրոնի անունով հանդէս եկաւ Նունէ Աւետիսեան: Ան յայտնեց, որ ցուցահանդէսը Հայկազեան համալսարանի 60-ամեակին առիթով տեղի կ՛ունենայ եւ կը միտի հայ արուեստը ծանօթացնել աշխարհին:

Ան ըսաւ, որ ցուցահանդէսով պիտի ներկայացուին հայ արուեստագէտներու մօտ 64 գործեր, որոնք գլուխ գործոցներ են եւ գծուած 19-20 դարերուն:

Ան ներկայացուց «Բարձր արուեստ»-ի բացառիկ նմուշները, ինչպէս` Երուանդ Քոչարի  տարածական նկարչութեան պատկանող առաջին գործը «Առաջին մեղքը», որ նկարուած է 1927-ին: Ինչպէս նաեւ Լէոն Թիւթիւնճեանի «Դեղին դիմակը»: Վարդգէս Սուրէնեանցի, Սարգիս Տիրանեանի, Էտկար Շահինի, Մարտիրոս Սարեանի, Կալենցի, Ժանսեմի, Արշիլ Կորքիի եւ այլոց գործերը:

Աւարտին ներկաները առիթ ունեցան զմայլելու հայ արուեստագէտներու հոգեհարազատ եւ տաղանդաւոր ձիրքերով եւ անոնց արուեստով:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակէ բաց մնալ մինչեւ 25 մարտ 2015, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00-ը:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Թատերական Նոր Ներկայացում

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Գահիրէ

RelatedPosts

Քուէյթի Եւ Շրջակայից Թեմի Պատուիրակութիւնը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօտ
Գաղութային

Քուէյթի Եւ Շրջակայից Թեմի Պատուիրակութիւնը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօտ

Մարտ 23, 2023
Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Մարոնի  Եկեղեցւոյ Պետին Ներկայացուցիչը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Մարոնի Եկեղեցւոյ Պետին Ներկայացուցիչը

Մարտ 23, 2023
Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով.   ՀՅԴ ԶՈՄ եւ ԼԵՄ Բողոքագիրներ Յանձնեցին  Լիբանանի Մէջ Օտար Դիւանագիտական  Ներկայացուցչութիւններու
Գաղութային

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. ՀՅԴ ԶՈՄ եւ ԼԵՄ Բողոքագիրներ Յանձնեցին Լիբանանի Մէջ Օտար Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւններու

Մարտ 22, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In