Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հորիզոն» Թմրամոլութեան Նախազգուշական Կեդրոնին Աւանդական Աշխատանքային Սեմինարը` Յատուկ 10-րդ Կարգի Աշակերտութեան

Մարտ 23, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-21-15_hor-1Կազմակերպութեամբ «Հորիզոն» թմրամոլութեան նախազգուշական կեդրոնին, շաբաթ, 21 մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական աշխատանքային սեմինարը: Սեմինարին ներկայ էին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի եւ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի աշակերտները:

Բացման խօսքը արտասանեց «Հորիզոն» նախազգուշական գրասենեակի վարչութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց 10-րդ կարգի այն 37 աշակերտներուն, որոնք սեմինարին կը մասնակցին: Լատոյեան նախ եւ առաջ ներկայացուց «Հորիզոն» թմրամոլութեան նախազգուշական կեդրոնին հիմնական աշխատանքը, որն է թմրամոլութեան մասին նախազգուշացման արշաւն ու քարոզչութիւնը: «Սիրելինե՛ր, այս սեմինարը միայն դասախօսութիւն չէ, այլեւ անոր նպատակը առաւելագոյն չափով ձեր գիտակցութիւնը արթնցնելն է թմրամոլութեան զանազան տեսակներուն նկատմամբ», շեշտեց Լատոյեան: Ան նաեւ յատուկ կոչ ուղղեց մասնակիցներուն, որ այսուհետեւ իրենք ալ իրենց կարգին շարունակեն սոյն քարոզչութիւնը իրենց դպրոցներուն մէջ:

Խմբային քննարկումով Արա Գաւլաքեան ներկայացուց «Ընկճուած վիճակին գիտակցութիւնն ու զայն կառավարելու ձեւերը» նիւթը: Ան հաստատեց, որ ընկճուած վիճակ ունենալը բնական բան է, եւ գրեթէ բոլորս ալ կ՛անցնինք այդ վիճակէն, որ հետեւանք է զգացումին, մտածումին եւ վարուելակերպին: Յաջորդաբար Գաւլագեան ներկայացուց ութ տարբեր ընկճուածութեան վիճակներու ախտանշաններ, որոնք են` անուշադրութիւնը-կեդրոնացումի պակասը, մոռացկոտութիւնը, ինքնավստահութեան պակասը, յոգնած վիճակ ունենալը, քունի խանգարումը, կշիռքի փոփոխութիւն եւ անհաճոյութեան զգացումը: «Նախապէս յիշուած ախտանշաններէն հինգ հատ ունենալը բաւարար է, որպէսզի ճշդենք, թէ անձը ընկճուած վիճակի մէջ է», շեշտեց ան: Գաւլաքեան եզրափակեց իր ներկայացումը` ընգծելով, որ ինչպէս կը մտածենք, նոյնպէս ալ կը զգանք, եւ այդ զգացումները անմիջապէս կ՛ազդեն մեր վարուելակերպին վրայ:

Աշակերտները Գաւլաքեանի հետ մասնակցեցան «Դատ եւ դատաստան» խմբային աշխատանքին` լաւապէս հասկնալու համար ընկճուած վիճակը, անոր կառավարման ու լուծման ձեւերը:

Դոկտ. Ռիթա Շահինեան տեղեկութիւններ փոխանցեց թմրեցուցիչներուն գլխաւոր խումբերուն մասին, ներկայացուց անոնց իւրաքանչիւրին ժխտական ազդեցութիւնը մարդկային մարմինին վրայ եւ խօսեցաւ անոնցմէ յառաջացած վնասներուն մասին:

Ան նախ եւ առաջ սահմանեց «մոլութիւնը», ապա թուեց մոլի ըլլալու հիմնական պատճառները: «Անոնք, որոնք կ՛ուզեն իրականութենէն փախչիլ, ընկճուած վիճակէն դուրս ելլել, իրենք իրենց գոհունակութիւն պարգեւել եւ գերմարդկային ուժ ունենալ, կը փորձեն հրամցուած թմրեցուցիչը առանց գիտակցելու, թէ փորձը քանի մը անգամ կրկնելով մոլութեան կը տանի», շեշտեց Շահինեան:

Ան թմրեցուցիչները հիմնական երկու խմբակներու` ոգեւորիչներու եւ թմրեցուցիչներու խմբաւորելէ ետք, մանրամասնօրէն ներկայացուց իւրաքանչիւրին տեսակներն ու ժխտական ազդեցութիւնը մարդկային մարմինին վրայ: Տեսերիզի ցուցադրութենէ ետք, սեմինարը փակուեցաւ «Ընկերային հմտութիւններու զարգացումը իբրեւ նախապայման` պատանիներու առողջ կազմաւորման» նիւթին շուրջ զրոյցով, զոր վարեց Ալին Նագգաշեան:

Զրոյցին ընթացքին արծարծուեցան որոշում տալու տարբեր ոճերը, հաղորդակցութեան չորս ձեւերը եւ անոնց թէ՛ դրական եւ թէ՛ ալ ժխտական հետեւանքները: Ապա Նագգաշեան հարցում ուղղեց ներկաներուն, թէ ի՞նչ է «ուրախութիւնը»: «Ուրախութիւնը առժամեայ հաճոյք չէ, այլ մնայուն հաճոյք է, որ անկախ է նիւթականէն եւ անձնական գեղեցկութենէն», ըսաւ ան:

Նագգաշեան նաեւ շեշտեց անհատի «ինքնաճանաչում»-ի կարեւորութեան մասին եւ փակեց իր զրոյցը` ըսելով, թէ մեր հանդիպած հարցերուն լուծման մասին մեր նայուածքը կ՛ազդէ մեր որոշումին եւ անոր դրական արդիւնքին վրայ:

Նշենք, որ սեմինարին ընթացքին մասնակիցներուն բաժնուեցան խտասալիկներ նաեւ թի-շըրթներ, որոնց վրայ գրուած էր` «Հայ օն լայֆ, նաթ օն տրակս»:

 

Նախորդը

Արուեստագէտ Րաֆֆի Թոքաթլեան Կը Պարգեւատրուի «Արշիլ Կորքի» Շքանշանով

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբին Կազմակերպութեամբ`. «Մանուկներու Միջազգային Օր»-ուան Հանդիսաւոր Նշում

RelatedPosts

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու
Գաղութային

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու

Մարտ 31, 2023
Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի  Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում  Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս
Գաղութային

Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս

Մարտ 30, 2023
Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ-ին Կը Նուիրեն
Գաղութային

Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In