Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆայհա» Երգչախումբի Համերգ` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Առիթով

Մարտ 24, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-23-15_fayՀովանաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինին եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին հետ գործակցաբար`  կիրակի, 22 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Թրիփոլիի «Ֆայհա» երգչախումբին համերգը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանի:

Բացման խօսքը Հայոց ցեղասպանութեան 100- ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին անունով արտասանեց Ներսէս Պաղտոյեան:Ան ներկաները ողջունելէ ետք յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանին եւ անոր ղեկավարած երգչախումբին: Պաղտոյեան բարձր գնահատեց Թրիփոլիի «Ֆայհա» երգչախումբին հրաշալի կատարողութիւնն ու անոր ձեռք ձգած  յաջողութիւնները, որոնք բարձր պահեցին ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ անոր երկրորդ մայրաքաղաքին` Թրիփոլիին անունը: «Թուրքին հայաջնջման ծրագիրը արդէն իսկ ձախողած է, քանի որ մենք` իբրեւ երգչախումբ, մինչեւ օրս կ՛երգենք Կոմիտասէն` կենդանի պահելով անոր ստեղծագործութիւնը», ըսաւ Պաղտոյեան` մէջբերելով մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանի խօսքերը: Ան իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ նահատակներու յիշատակը միշտ ալ վառ պիտի մնայ:

«Ֆայհա» երգչախումբը համերգին բացումը կատարեց «Սուրբ, սուրբ» աղօթքով: Երգացանկը ընդգրկեց աւանդական լիբանանեան, սուրիական, իրաքեան, եգիպտական, անտալուսիական, լատինական եւ ֆրանսական երգեր` կոմիտասեան հայկական երգերուն կողքին: Երգչախումբը իր իւրայատուկ եւ գեղեցիկ կատարողութեամբ գեղարուեստական վայելքի պահեր նուիրեց ներկաներուն:

Նշենք, որ «Ֆայհա»-ի կատարած երգերուն մեծամասնութիւնը մշակուած են դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի կողմէ:

Ապա Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան ուղղեց իր սրտի խօսքը: «Այսօր առիթ է յայտնելու համար, թէ պահանջատիրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ արդար իրաւունքներու ձեռք բերում», շեշտեց վեր. Մսըրլեան` աւելցնելով, որ «Ֆայհա» երգչախումբը, որ կը բաղկանայ 40 երգիչներէ, կը մարմնաւորէ Լիբանանը, որովհետեւ անոր մէջ կան ընկերային տարբեր խաւերէ, կրօններէ, մշակոյթներէ եւ պատկանելիութիւններէ անհատներ: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանին` յուշանուէր մը յանձնելով անոր: Իսկ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան 100- ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին` ՄԱՀԱԵ միութեան հետ գործակցելուն համար:

Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին օրհնութեան աղօթքէն ետք համերգը փակուեցաւ Երուսաղէմին նուիրուած երգով: Այս երգը իր մէջ կ՛ընդգրկէ զանազան լեզուներով զանազան կրօններու եւ ծէսերու աղօթքներ` ուղղուած մէկ Տիրոջ` Աստուծոյ:

 

 

Նախորդը

Անմոռուկ Ծաղիկի Կրծքանշաններէն Ստանալու Համար

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?