Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբին Կազմակերպութեամբ`. «Մանուկներու Միջազգային Օր»-ուան Հանդիսաւոր Նշում

March 23, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-21-15_lokh-1Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մարդասիրական գործունէութիւնը չի սահմանափակուիր միայն ընկերային եւ բժշկական ծառայութիւն մատուցելով հայ ազգի զաւակներուն, աւելի՛ն,  ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը իր յանձնախումբերուն ճամբով կը միտի հասնիլ բոլոր խաւերուն, յատկապէս` մանուկներուն:

Այդ նպատակով ալ, ուրբաթ, 20 մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին,  Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ  քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած «Մանուկներու օր»-ուան ձեռնարկը: Տարիներու աւանդութիւն դարձած վերոյիշեալ ձեռնակին  ներկայ գտնուեցան հայկական վարժարաններու նախակրթարանի բաժինի հինգերորդ դասարանի աշակերտներ, որոնք Լիբանանահայ օգնութեան խաչի հովանիին տակ համախմբուած, հետեւեցան դաստիարակչական եւ գեղարուեստական յայտագիրի մը:

Քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած «Մանուկներու օր»-ուան ձեռնարկին բացման խօսքն ու հանդիսավարութիւնը  կատարեց Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի աշակերտ Դրօ Միրզայեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Լիբանան 22 մարտին կը տօնէ մանուկներու օրը: Այսօր ԼՕԽ-ի կազմակերպած այս ձեռնարկը կը ձգտի լուսարձակի տակ առնել իրաւազրկուած մանուկը, յատկապէս հայ մանուկը, որովհետեւ մանուկները  ընկերութեան եւ ազգին յոյսն են: Հայ մանուկը, ազգին ներկան ու վաղուան առաջնորդը, ղեկավարը, բժիշկը, փաստաբանը, ուսուցիչը, ֆետային է, աւելի՛ն` Հայ դատի եւ ազգային իրաւունքներու պաշտպանը:

«Հետեւաբար, ոչ ոք իրաւունք ունի հայ մանուկը զրկելու հայեցի դաստիարակութենէ, հայ դպրոցին հայաբոյր մթնոլորտէն: Տեղին է մեր երախտագիտութիւնը յայտնել Լիբանանահայ օգնութեան խաչին, որ թեւ ու թիկունք, յենարան կը կանգնի հայ մանուկին` իր «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանով, դաստիարակչական ձեռնարկներով ու կրթանպաստի ծառայութիւններով»:

Ապա, գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու սաներ, որոնք իրենց նուագներով հմայեցին ներկայ աշակերտները: Յայտագիրին մասնակցեցան Խաժակ Խաչատուրեան (ջութակ), Կայել Գրիգորեան (քանոն), Կարսիա Քիւփճեան (սրինգ), Կասիա Լեւոնեան (թաւջութակ), Դրօ Միրզայեան (ասմունք), Սիլվա Սվաքճեան (ջութակ):

Մակի Խաչերեան
Մակի Խաչերեան

Ապա, օրուան պատգամը փոխանցեց Լիբանանի մէջ մանուկներու իրաւունքներու յանձնախումբի անդամ Մակի Խաչերեան:

Մակի Խաչերեան ըսաւ. «Այս օրը մանուկներուն մասին մտածելու, զանոնք ուրախացնելու, զուարճացնելու օրն է: Լիբանանահայ օգնութեան խաչը տարիներու աւանդութեամբ յատուկ յայտագիրով կը նշէ այս օրը եւ գեղարուեստական յայտագիրով ու զրոյցով կը միտի բացատրել օրուան իմաստը»: Ապա Խաչերեան շեշտեց նշելով. «Դուք բախտաւոր մանուկներ էք, որովհետեւ ձեր մասին մտածողներ կան: Տարիներ շարունակ աշխարհի վրայ եղած են մանուկներ, որոնք դարձած են մարդկութեան զոհերը. անոնցմով զբաղողներ չկային: Այդ երեւոյթին լաւագոյն փաստը հայ ժողովուրդը տեսած է ցեղասպանութեան ընթացքին, այս երեւոյթը տակաւին կը շարունակուի նաեւ կարգ մը երկիրներու մէջ այսօր: Ներկայիս կազմակերպութիւններ, եկեղեցիներ, անհատներ կը ձգտին անտէր մանուկներուն համար ստեղծել բարւօք եւ ապահով վիճակներ»: Միաժամանակ ան ներկայացուց անցեալին իրաւազրկուած մանուկներու օրինակներ, ինչպէս` Գիքորը, Օլիվըր Թուիսթը:

«Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը, մեկնելով 1948-ի Մարդկային իրաւունքներու հռչակագիրէն, 1954-ին կը հաստատէ Մանուկներու օրը` պաշտպանելու համար աշխարհի մանուկները ծանր եւ վտանգաւոր աշխատանքէ: Լիբանան, իր կարգին, այդ հռչակագիրը կ’որդեգրէ 1991-ին: Հռչակագիրը կը հաստատէ, որ մանուկը իրաւունք ունի բարօր կեանքի, ընտանեկան առողջ մթնոլորտի, մտքի, կրօնի, խղճի, ազատ կարծիքի արտայայտութեան, տարրական ուսման, յատուկ ինքնութեան: Պէտք չէ խտրութիւն դնել մանուկներու միջեւ, առիթ պէտք է տալ անոնց ձիրքերու զարգացման, զանոնք պաշտպանել թմրեցուցիչէ, չարչարանքէ, պատերազմէ, բռնաբարումէ եւ այլն», նշեց Մակի Խաչերեան:

Բանախօսը խօսքի աւարտին յայտնեց, որ վերոյիշեալ իրաւունքները պէտք չէ ժխտական ձեւով օգտագործուին մանուկներուն կողմէ:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ Յարութիւն Ա. քհնյ. Կոստանեանի պահպանիչով, որմէ ետք աշակերտները գոհունակութեամբ վերադարձան իրենց դպրոցները` իրենց հետ տանելով քարոզչական յանձնախումբին պատրաստած նուէր թղթապանակները:

 

 

 

Նախորդը

«Հորիզոն» Թմրամոլութեան Նախազգուշական Կեդրոնին Աւանդական Աշխատանքային Սեմինարը` Յատուկ 10-րդ Կարգի Աշակերտութեան

Յաջորդը

Հայ Ժողովուրդը Իր Հաւատքի Հօր` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջի Մասունքով Վերանորոգեց Իր Հաւատքը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան.  Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան. Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը

October 16, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.