Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մհեր Մկրտչեան» Թատերախումբ. Ակաթա Քրիսթիի «Անկոչ Հիւրը» Թատերախաղի Ներկայացում

March 24, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-21-15_tadԱնցնող շաբաթավերջին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը հանրութեան ներկայացաւ գաղտնի ոստիկանական վէպերու հեղինակ Ակաթա Քրիսթիի «Անկոչ հիւրը» թատերախաղով, բեմադրութեամբ` Յարութ Գնդունիի:

Թատրերգութեան նիւթը կը դառնար տան մը մէջ, ուր ոճիր մը պատահած էր: Սպաննուած անձը տարիներ առաջ իր ինքնաշարժով կոխկռտած էր մանուկ մը: Առ այդ, կասկած կար, որ այդ մանուկին ծնողքը զինք սպաննած ըլլային. այլ կասկածներ կային իր կնոջ վրայ, որ սիրահար ունէր, կամ սիրահարին վրայ, կամ իր կնոջ խենթ զաւկին վրայ, որուն ինք կը չարչարէր, կամ իր մօր վրայ: Այլ խօսքով, թատերախաղին մէջ ամէն մարդ կասկածելի էր: Կասկածելի` համոզիչ կերպով: Անշուշտ աւարտին, չսպասուած անձ մը կ՛ելլէ ոճրագործը, ինչպէս` Ակաթա Քրիսթիի բոլոր գործերուն մէջ:

Արդարեւ, 2 ժամ տեւողութեամբ, բեմադրիչ Յարութ Գնդունի եւ դերասաններ Այտա Սրապոնեան, Յովակիմ Քէշիշեան, Սարին Խաչիկեան, Սիմոն Եափուճեան, Քրիսթինա Սրապոնեան, Դալար Խաչիկեան եւ Վիգէն Քէօշկերեան իրենց արհեստավարժ խաղարկութեամբ կրցան հանդիսատեսին ուշադրութիւնը դարձնել իրենց վրայ եւ հանդիսատեսը ամէն վայրկեան կը կարծէր, որ գտնուած է ոճրագործը:

Նշենք, որ նախքան ներկայացումը, հանդիսատեսները 1 վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերուն յիշատակը:

Յայտնենք, որ ներկայացումները կը շարունակուին այս շաբաթավերջին` 27, 28, 29 մարտին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Երեք Կանթեղներ` Ի Յիշատակ Երեք Սահմանապահ Նահատակներուն

RelatedPosts

Ազգային Երեսփոխանական Ժողով Լիբանանի Հայոց Թեմին
Գաղութային

Ազգային Երեսփոխանական Ժողով Լիբանանի Հայոց Թեմին

November 11, 2026
Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Հիմնադրութեան 175-Ամեակ
Գաղութային

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Հիմնադրութեան 175-Ամեակ

November 11, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Ապահովական Խորհուրդի Եւ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.