Երէկ առաւօտեան Արամ Ա. կաթողիկոս մեկնեցաւ Գահիրէ` մասնակցելու Միջին Արեւելքի Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու հանդիպումին: Շուրջ 15 տարիներ առաջ ընթացք ստացած Միջին Արեւելքի հոգեւոր պետերու հանդիպման պիտի մասնակցին վեհափառ հայրապետը, ղպտի եկեղեցւոյ Թէոդորոս Բ. պատրիարքը եւ ասորի եկեղեցւոյ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքը:
Յիշեալ հանդիպումէն օր մը առաջ պիտի հանդիպի հոգեւոր պետերուն կողմէ ճշդուած Գործադիր յանձնախումբը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ մաս կը կազմեն Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, եւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան: