Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Մէջ. Մուսա Լերան Եւ Այնճարին Նուիրուած Գիրքերու Ցուցահանդէս Եւ Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

August 11, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

kirk-3_8-10-15

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու շարքին չորրորդը` Մուսա լերան եւ Այնճարին նուիրուած գիրքերու ցուցահանդէսը եւ ժապաւէնի ցուցադրութիւնը  տեղի ունեցաւ շաբաթ, 8 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը  8:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ պետական նախկին նախարար Փանոս Մանճեանի:

Ձեռնարկը նուիրուած էր նահատակ Յակոբ Հաւաբեանի (Քեսապցի) յիշատակին:

kirk-1_8-10-15

Գիւղի հոգեւոր պետերու եւ նախկին նախարար Փանոս Մանճեանի ձեռամբ կատարուեցաւ ցուցահանդէսին բացումը:

kirk-2_8-10-15

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի կեդրոնական մարմինին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Ցողիկ Հաւաթեան: Ան ըսաւ, թէ ձեռնարկին առաջին բաժինով պիտի ներկայացուին Մուսա լերան եւ Այնճարի նուիրուած հրատարակութիւնները եւ մուսալեռցի-այնճարցի հեղինակներուն ստեղծագործութիւնները: Ան կարեւոր նկատեց մեր հայրենակիցներուն փոխանցել պատկառելի թիւով լոյս տեսած հրատարակութիւններէն օրինակներ` փարատելով այն համոզումը, թէ քիչ աղբիւրներ կան Մուսա լերան եւ Այնճարի մասին:

Հաւաթեան աւելցուց, որ ձեռնարկին երկրորդ բաժինով պիտի ցուցադրուի Այնճարի մէջ ապրած եւ կրթութիւնը ստացած Նորա Գէորգեանի «Այնճար» ժապաւէնը, որ պատմական ենթահողի վրայ կը փորձէ վեր հանել յիշողութեան մէջ պահուած մուսալեռցիներուն պայքարող նկարագիրը:

Բացման խօսքէն ետք պետական նախկին նախարար Փանոս Մանճեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը:

Մանճեան ըսաւ, թէ Այնճարի ժողովուրդը իր ներկայութիւնը եւ ներկայ կեանքը կը պարտի մուսալեռցի այն նահատակներուն, որոնք զոհուեցան Մուսա լերան հերոսամարտին ընթացքին. անոնք չմտածեցին իրենց անհատականին մասին, այլ  մտածեցին մուսալեռցիներուն հաւաքական շահերուն մասին: Ան իւրայատուկ գտաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներուն շարքը` յայտնելով, որ մուսալեռցիականը միշտ տարբեր եղած է եւ այդպէս պէտք է շարունակուի:

Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ «այնճարցիք եւ համայն հայ ժողովուրդը պէտք է օրինակ առնեն մուսալեռցի նահատակներէն` ըլլալով միասնական եւ ձգտելով Հայաստանի, Արցախի եւ  սփիւռքի հայութեան ամբողջական շահերու պաշտպանութեան»:

Ապա ներկաները առիթը ունեցան ցուցադրուած գիրքերը դիտելու, որմէ ետք անոնք հետեւեցան «Այնճար» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեան:

 

 

 

Նախորդը

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակի Տօնակատարութիւններու Ծիրին Մէջ` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան «Գուսան» Երգչախումբի Ելոյթը` Այնճարի Մէջ

Յաջորդը

«Ազդակ»-Ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Քիեւը
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Քիեւը

October 13, 2026
Պատասխանելով Սալման Թագաւորին`  «Ուաշինկթընի Աջակցութիւնը  Որեւէ Արդիւնք Պիտի Չտայ»  Կ՛ըսէ Թեհրան
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Մեր Առաջարկներուն Ամերիկեան Պատասխանը Կը Սերտենք, Ապա Արդիւնքը Միջնորդներուն Պիտի Յայտնենք»

October 13, 2026
Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով  Բեռցուած Բեռնատարին.  «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային  Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը  Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք»  Հաստատեց Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով Բեռցուած Բեռնատարին. «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք» Հաստատեց Սալամ

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.