Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Բանակումին Մասնակիցները Այցելեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողով

Օգոստոս 7, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

bad_8-06-15

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 6 օգոստոսին ընդունեց պատմաճանաչողական այցելութեամբ Արցախ գտնուող ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու «Դար մը բռունցքով դէպի ամբողջական հատուցում» բանակումի 124 մասնակիցներէն խումբ մը` Ընդհանուր վարիչ մարմինի ատենապետ Սագօ Արապօղլեանի գլխաւորութեամբ:

Ողջունելով լիբանանահայ պատանիները` խորհրդարանի ղեկավարը բարձր գնահատեց անոնց Արցախ այցելութիւնը` նշելով, որ անիկա իւրայատուկ կարելիութիւն ու առիթ է անմիջականօրէն հաղորդակից ըլլալու ազգային պատմութեան ու մշակոյթին: Այս պարունակին մէջ Ազգային ժողովի նախագահը կարեւոր նկատեց, որ պատանիները կապեր հաստատեն հայրենիքի մէջ ապրող իրենց հասակակիցներուն հետ, ինչպէս նաեւ իրենց ապրած գաղութներուն մէջ հայկական ինքնութիւնը պահպանեն:

NKR-Par_8-06-15

Այնուհետեւ Աշոտ Ղուլեան պատանիներուն ամփոփ տեղեկութիւններ ներկայացուց արցախահայութեան ազատագրական շարժման, ազատ ու անկախ երկրորդ հայկական պետութեան ձեռքբերումներուն մասին`  ընդգծելով երկրին զարգացման իմաստով սփիւռքի ունեցած մեծ ու կարեւոր դերակատարութիւնը:

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցած ջերմ ու անմիջական զրոյցին ընթացքին լիբանանահայ պատանիներէն շատեր փափաք յայտնեցին ապագային հաստատուելու Արցախի մէջ:

Նշենք, որ պատանիները Լեռնային Ղարաբաղ հասան 5 օգոստոսին եւ Բերձորի մէջ դիմաւորուեցան ՀՅԴ Քաշաթաղի կոմիտէութեան անդամներուն կողմէ, որոնց ընկերակցութեամբ ուղղուեցան արցախեան գոյամարտի նահատակներուն յիշատակին  նուիրուած յուշահամալիր: Անոնք ծանօթացան արցախեան հերոսամարտի պատմութեան ու իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին նահատակ հայորդիներուն յիշատակին:

Ողջունելով Լիբանանէն Արցախ այցելող հայ պատանիներն ու անոնց պատասխանատուները` Քաշաթաղի շրջանին մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ տուին ՀՅԴ Քաշաթաղի կառոյցի անդամներ Յարութ Աւանեսեան եւ Արին Գալստեան:

Ապա պատանիները հարցումներ ուղղեցին եւ համապատասխան բացատրութիւններ ու պատասխաններ ստացան:

 

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. Զաստուած Տեսնել (Հեղինակ` Զարեհ Արք. Ազնաւորեան)

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական  Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?