Հինգշաբթի, 6 օգոստոս 2015-ի առաւօտեան, շուրջ 50 ուխտաւորներ Ուրուկուէյէն այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը: Անոնք հիացումով դիտեցին վերանորոգուած ու պայծառակերպուած վանքը եւ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը, Նահատակաց խորանը եւ այլ կառոյցներ:
Ապա, ուխտաւորները այցելեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ուխտաւորներուն ուղղած իր հայրապետական խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը նախ յիշեցուց 1983-ին իր միօրեայ այցելութիւնը Ուրուկուէյ եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Ուրուկուէյի գաղութին ունեցած հաւատարմութեան մասին` հայկական արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն նկատմամբ:
Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Հայ դատի գծով Ուրուկուէյի պետութեան զօրակցութեան: Չմոռնանք, որ Ուրուկուէյ առաջին պետութիւնը եղաւ պաշտօնապէս Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող, յիշեցուց Արամ Ա. կաթողիկոս:
Ապա, ուխտաւորները այցելեցին Անթիլիասի մայրավանք եւ մօտէն ծանօթացան մայրավանքի զանազան բաժանմունքներուն` յատկապէս Նահատակաց մատրան եւ «Կիլիկիա» թանգարանին:
Յայտնենք, որ օր մը առաջ ուխտաւորները այցելած էին «Թռչնոց բոյն»-ի Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը եւ յուզումով դիտած ու նշմարած էին ուխտաւորներէն ոմանց մեծ հայրերու նկարները, որոնք «Թռչնոց բոյն»-ի որբեր եղած էին:
Ուրուկուէյի ուխտաւորները անդամներ են Մարաշի հայրենակցական միութեան, եւ դէպի Հայաստան ու Լիբանան ուխտագնացութիւնը կազմակերպուած է Լիբանանի եւ Ուրուկուէյի Մարաշի հայրենակցական միութիւններուն համագործակցութեամբ: