Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները` Հայրենի Հողին Վրայ. 137 Պատանիներ` Արագած Լեռէն Դէպի Հերոսական Արցախ

Օգոստոս 10, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

artsakh_8-09-15

«Դար մը բռունցքով դէպի ամբողջական հատուցում» բանակումին ութերորդ օրը, պատանիները առաւօտեան ընթացիկ օրակարգերէն ետք ուղղուեցան դէպի անառիկ Ամբերդ, այցելեցին Այբենարան, որմէ ետք անոնք մեծ խանդավառութեամբ արշաւեցին Արագածի ուղիով դէպի Քարի լիճ` ապրելով արկածախնդրական պահեր: Պատանիները ամբողջ յետմիջօրէին բնութեան հետ համակերպելով նաեւ խանդավառեցին իրենց շրջակայքը` առիթ ստեղծելով աւելի մօտէն ծանօթանալու շրջանի բնակիչ հայրենակիցներու կենցաղին, եւ հաճելի յիշատակներով ուշ երեկոյեան վերադարձան բանակավայր:

Չորեքշաբթի առաւօտեան, պատանիները շատ կանուխ ժամերէն իսկ պատրաստ էին ուղղուելու դէպի հերոսական Արցախ, որուն աշխարհագրութիւնն ու պատմութիւնը անոնք կը սորվին իրենց ակումբներուն եւ դպրոցներուն մէջ` իբրեւ մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն պանծալի յաղթանակը: Ճամբուն վրայ անոնք այցելեցին Խոր Վիրապ եւ հանդիպեցան Գէորգ Չաւուշի արձանին մօտ, որմէ ետք ծանօթացան Վայոց Ձորի Նորավանքի համալիրին:

Արցախ հասնելուն առաջին կանգառը Քաշաթաղի մէջ էր, ուր տեղի ունեցաւ հանդիպում մը շրջանի կոմիտէի ներկայացուցիչին հետ, որ առիթը ստեղծեց պատանիներուն աւելի մօտէն ծանօթանալու շրջանի առօրեային եւ դժուարութիւններուն:

Յաջորդ օրը սկսաւ Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Մայր տաճար այցելութեամբ, որմէ ետք խումբ մը պատանիներ այցելեցին Արցախի Ազգային ժողով եւ հանդիպում ունեցան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ: Արցախի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք, Ղուլեան ողջունեց պատանիները Արցախի մէջ` դիտել տալով, որ անոնք պէտք է գործնականօրէն զգան վերջին իրադարձութիւնները: Անդրադառնալով արցախեան վերջին շարժման` ան վեր առաւ սեփական ուժերուն ապաւինելու անհրաժեշտութիւնը, իբրեւ կռուան պահելու համար մեր ինքնուրոյնութիւնը: Շարունակելով իր խօսքը` Ղուլեան ըսաւ, թէ կարելի չէ ջնջել այս քանի մը օրուան տպաւորութիւնները պատանիներուն մտքէն, մանաւանդ որովհետեւ նոր կապեր ստեղծուեցան: Անդրադառնալով տարբեր ժամանակաշրջաններու մէջ իրականացուող ծրագիրներուն` ան վեր առաւ պատանիներու դերը իրենց դաստիարակութիւնը գործադրելու մարտահրաւէրին դիմաց, թէ՛ քարոզչական միջոցառումներով, թէ՛ ալ գործնակապէս աշխատանք տանելով Արցախի մէջ թէ այլուր: Պատանիի խօսքը փոխանցեց Գառնի Պետրոսեան, որ անդրադառնալով դաշնակցական պատանիի ստացած դաստիարակութեան,  հպարտութեամբ յայտնեց Արցախի մէջ ըլլալու հրամայականը` իբրեւ այդ դաստիարակութիւնը գործադրելու նոր քայլ: Պետրոսեան վեր առաւ բանակումներու դերը պատանիներուն միտքն ու հոգին հայրենիքով սնուցելու աշխատանքին մէջ` օրինակ առնելով ներկայ բանակումը:

Ապա, խումբը այցելութիւն մը տուաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի կեդրոնը, որմէ ետք Արցախի պետական պատմաերկրագիտական թանգարանը եւ «Մենք ենք մեր սարերը»` «Մամիկն ու պապիկ»-ի արձանը: Ստեփանակերտի առօրեային ծանօթանալէ ետք, երեկոյեան Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանին մէջ պատանիները աւելի մօտէն ծանօթացան հերոսի կեանքին ու առօրեայ կենցաղին:

Ուրբաթ, 7 օգոստոսին սկիզբն էր աշխարհի ամէնէն երկար ճոպանուղիին` Տաթեւի մէջ, որ կ՛ուղղեն դէպի Տաթեւավանք:

«Դար մը բռունցքով դէպի ամբողջական հատուցում» բանակումին վերջին օրը հրաժեշտի պահն էր, որուն պատանիները չէին ուզեր հասնիլ: Հայրենի հողէն բաժանում, նոր ընկերներէ բաժանում, իրականացուած երազէ մը ժամանակաւոր բաժանում: Ոմանք արցունքոտ աչքերով, ոմանք նոր յոյսերով, սակայն բոլորն ալ նոյն խանդավառութեամբ ու կորովով փակեցին բանակումը եւ խոստանալով շարունակել եւ  ընդարձակել գործը` նոյնինքն հայրենի հողին վրայ:

 

 

 

Նախորդը

Սեւրի Դաշնագիրի Վերակենդանացման Հեռանկարով

Յաջորդը

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի Գահակալութեան Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

RelatedPosts

Մեր Կորուստները
Գաղութային

Մեր Կորուստները

Նոյեմբեր 13, 2025
Ակնարկ.   Անմարդաբնակ Գօտիի Առաջադրանքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անմարդաբնակ Գօտիի Առաջադրանքը

Նոյեմբեր 13, 2025
Շարհ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի  Բանակցութիւններ Կը Վարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Շարհ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի Բանակցութիւններ Կը Վարենք»

Նոյեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?