Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքը` Հայ Եւ Օտար Ուխտաւորներու Սրբավայր

August 11, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ayts-_8-10-15

«Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը իր եկեղեցիով, Նահատակաց խորանով, Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը եւ հայ ժողովուրդի վերածնունդը խորհրդանշող յուշարձանով եւ յարակից վանական կառոյցներով դարձած է կրօնական ու ազգային ուխտագնացութեան սրբավայր», այսպէս բնորոշեց Արամ Ա. կաթողիկոս` անցնող օրերուն ընթացքին ուխտաւորներ ընդունելով Ս. Աստուածածին վանքին մէջ:

Ուխտաւորներ` հայ թէ օտար, Լիբանանէն թէ արտասահմանէն, գրեթէ ամէն օր կ՛այցելեն Ս. Աստուածածին վանք` աղօթելու, խոկալու, յարգանքի տուրք մատուցելու հայութեան մէկուկէս միլիոն սրբացեալ նահատակներուն եւ իրենց հոգեկան գոհունակութիւնը արտայայտելու ի տես հայ ժողովուրդի վերածնունդին:

Սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան առիթով, բազմահազար ժողովուրդով լեցուն էր Ս. Աստուածածին վանքը: Վստահաբար, յառաջիկայ շաբաթ, 15 օգոստոս 2015-ին, Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին եւ ուխտագնացութեան առիթով դարձեալ հայ ժողովուրդի ուխտաւոր զաւակները պիտի լեցնեն Սուրբ Աստուածածին վանքի շրջափակը:

Աւանդութեան համաձայն, Ս. Աստուածածինի ուխտագնացութիւնը կանխող շաբթուան ընթացքին տեղի կ’ունենայ դասախօսական շարք, ինչպէս նաեւ աղօթքի եւ հոգեւոր խորհրդածութեան պահեր, կազմակերպութեամբ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին: Այս տարի եւս, 10-14 օգոստոս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Աստուածածին մատրան մէջ պիտի տրուին դասախօսութիւններ` «Հետեւինք Քրիստոսի` Աստուածամօր հետքերով» ընդհանուր նիւթին շուրջ: Ուրբաթ, 14 օգոստոս 2015-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի սկսին մատաղի պատրաստութեան աշխատանքները:

Շաբաթ, 15 օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորանին վրայ, Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը պիտի նախագահէ եկեղեցական արարողութիւններուն եւ հայրապետական պատգամը փոխանցէ: Պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն:

 

 

 

 

Նախորդը

Էրտողանի Եւ ՏԱՀԵՇ-ի Միջեւ Կապերու Մասին Փաստաթուղթեր Յայտնուած Են Միացեալ Նահանգներու Ձեռքը

Յաջորդը

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակի Տօնակատարութիւններու Ծիրին Մէջ` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան «Գուսան» Երգչախումբի Ելոյթը` Այնճարի Մէջ

RelatedPosts

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական  Ուժերու Եւ Կարողութիւններու  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»
Գլխաւոր լուրեր

Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական Ուժերու Եւ Կարողութիւններու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»

October 7, 2026
Քաց. «Չարիքի Առանցքը Քայքայուեցաւ,  Եւ Թեհրանին Պիտի Ընենք Այն, Ինչ Որ Հըզպալլային,  Համասին, Ասատին Եւ Հուսիներուն Ըրինք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց 7 Հոկտեմբերի Նախօրեակին Բանակը Դրած Է Առաւելագոյն Մարտական Պատրաստուածութեան Մէջ

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.