Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուիքի» Ճամբարը Վերջ Գտաւ Փակման Հանդիսութեամբ

Օգոստոս 13, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

wiki-1_8-12-15

Հովանաւորութեամբ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնադրամին, կազմակերպութեամբ «Ուիքիմետիա Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան, 3 օգոստոսին Զմմառի «Հայր Շելհուպ» կեդրոնին մէջ սկիզբ առած «Ուիքի» ճամբարը վերջ գտաւ երէկ` չորեքշաբթի, 12 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեամբ:

Արդարեւ, լիբանանահայ 10 վարժարաններէ 43 աշակերտներ` ընկերակցութեամբ Հայաստանէն «Ուիքի» խմբագրող աշակերտներու, 10 օրերու ընթացքին սորվեցան գործածել «Ուիքիփետիա»-ն եւ խմբագրեցին արեւմտահայերէնով:

wiki-4_8-12-15wiki-3_8-12-15Մասնակցող աշակերտներուն անունով խօսք առաւ Շահէն Արապօղլեան: Ան շեշտեց կատարուած աշխատանքին կարեւորութիւնը, որովհետեւ անիկա պիտի նպաստէ սփիւռքահայ պատանիներուն հարազատ ձեւով կարդալու «Ուիքիփետիա»-ի նիւթերը, ինչպէս նաեւ պիտի օգնէ, որ արեւմտահայերէնը գոյատեւէ եւ զարգանայ: Ան նկատել տուաւ, որ ճամբարին ընթացքին բոլոր մասնակիցները ապացուցեցին, որ իրենք գիտակից են, ունին հետաքրքրութիւններ, կրնան փոփոխութիւններ յառաջացնել եւ նպաստել մեր լեզուին պահպանման: Խօսքի աւարտին ան իր ընկերներուն անունով հաստատեց, որ կը խոստանան շարունակել աշխատանքը, խմբագրել «Ուիքիփետիա»-ի մէջ եւ դառնալ արեւմտահայերէնը պաշտպանող զինուորներ:

«Ուիքիմետիա Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սուսաննա Մկրտչեան խօսք առնելով հաստատեց, որ ճամբարին մասնակցող աշակերտներուն ընտրութիւնը շատ լաւ կատարուած էր: Ան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ ամէն տարի երեք ճամբար կը կազմակերպուի, երկու ճամբար ամրան ընթացքին, իսկ մէկ ճամբար ալ ձմեռը` աւելցնելով, որ այսուհետեւ սփիւռքի մէջ եւս տարեկան դրութեամբ պիտի կազմակերպուին ճամբարներ: Խօսելով ճամբարի առաւելութիւններուն մասին` Ս. Մկրտչեան բացատրեց, որ սոյն նախաձեռնութեան նպատակը միայն արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա»-ի զարգացումը չէ, այլ նաեւ` երբ աշակերտները իրենք կը ստեղծեն յօդուածներ, աւելի լաւ կը սորվին: Ան նաեւ հաստատեց, որ մասնակիցները շատ խանդավառ եւ ուրախ էին: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներուն:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ ճամբարին մէջ տեղի ունեցած գործունէութեան մասին տեսերիզ մը:

wiki-2_8-12-15Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան իր ելոյթին մէջ հաստատեց, որ լիբանանահայութիւնը ամէնէն աշխուժ եւ ծաղկուն համայնքն է, որ վերապրեցաւ ցեղասպանութենէն եւ շատ կարճ ժամանակաշրջանի մէջ կրցաւ ստեղծել ծաղկուն օճախ իր բոլոր ենթակառոյցներով, եկեղեցիներով, դպրոցներով, մշակութային կեդրոններով, քաղաքական կուսակցութիւններով, երեւոյթ մը, որ հպարտալի է: «Երբ միասնական ենք, նաեւ նուիրուած` յաղթական ենք եւ կրնանք յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները», հաստատեց  դեսպանը: Ան նկատել տուաւ, որ վերջերս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած է գիտաժողով մը արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման մասին` աւելցնելով, որ կարգ մը դժուարութիւններ կան, սակայն կազմակերպուած ճամբարները կարելիութիւն կը ստեղծեն շփուելու, կատարելագործելու, զարգացնելու: Ան մաղթեց, որ դժուարութիւնները անմիջապէս կարելի ըլլայ յաղթահարել, որպէսզի չկորսնցնենք մեր լեզուն, մեր հարուստ աւանդութիւնները, կրթական եւ բարոյական արժէքները: «Մենք ձեզմով հպարտ ենք: Դուք էք ապագան կերտողները, դուք էք լեզուն պահպանողը: Կը մաղթեմ, որ աւելի յաճախակի ըլլան Հայաստան ձեր այցելութիւնները, որպէսզի ձեր գիտելիքներով, ձեր գործով, ձեր կարելիութիւններով, ձեր ներուժով նպաստէք մեր հայրենիքի հզօրացման», ըսաւ դեսպանը` խօսքը ուղղելով աշակերտներուն: Ան եզրափակելով իր ելոյթը կոչ ուղղեց աշակերտներուն բարձր պահելու մեր ազգի պատիւը:

Ապա բեմ բարձրացան ճամբարին ընտրուած եօթը աշակերտները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 16-25 օգոստոսին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք «Ուիքի» ճամբարին: Անոնք են` Սիլվի Սերայտարեան, Ռիթա Սարգիսեան, Շահէն Արապօղլեան, Ռիթա Քէրթէնեան, Ասատուր Պասմաճեան, Յակոբ  Թաշճեան, Նազօ Քէշիշեան: Սուսաննա Մկրտչեան յայտարարեց նաեւ 4 աշակերտներուն անունները, որոնք պիտի մասնակցին ձմրան ընթացքին տեղի ունենալիք ճամբարին. Հրակ Ստեփանեան, Կարօ Քէօշկերեան, Ուիլսըն Թամզարեան, Կասիա Գազանճեան: Բեմ հրաւիրուեցան նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «Ուիքի» ճամբարի ընտրեալները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Լիբանանի ճամբարին. Էտուարտ Խաչատուրեան, Լիլիթ Շահպազեան,  Սուզաննա Մկրտչեան, Կարիկ Խաչատրեան, Հովինար Յովհաննիսեան: Բոլոր ընտրեալները, ինչպէս նաեւ մասնակցողները ստացան հաստատագիրներ եւ յուշանուէրներ: Այս առիթով` իբրեւ գնահատանք, ուսուցիչներուն եւս տրուեցան հաստատագիրներ եւ յուշանուէրներ:

Ապա ճամբարի մասնակիցներէն Նարօտ Ադամեան ջութակի վրայ մեկնաբանեց «Առ այլուղս» երաժշտական կտորը:

Հանդիսութեան ընթացքին Լիզպոնէն «Սքայփ»-ի ճամբով ներկաներուն իր խօսքը ուղղեց «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկի հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան: Ան կարեւոր քայլ մը նկատեց այս նախաձեռնութիւնը, որ կը նպաստէ արեւմտահայերէնի ստեղծագործման` յոյս յայտնելով, որ նման ճամբարներ կը շարունակուին:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Ուիքի»-ի քայլերգով` կատարողութեամբ մասնակիցներուն:

Նախորդը

Հարցազրոյց` «Կիւրճիեֆ» Համոյթի Գեղարուեստական Ղեկավար Լեւոն Իսկենեանին Հետ

Յաջորդը

Վրաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Զուիցերիոյ Դեսպանատան Միջոցով Բողոքագիր Յղած Է Ռուսիոյ

RelatedPosts

Եկէք` Յիշենք, Թէ Ի՛նչ Կատարուեց 1915 Թուականին. Ժողովրդին Զինաթափեցին,  Յետոյ Եղաւ Ցեղասպանութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Վահրամ Բալայեան. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Լուծուած Չէ»

Յունիս 27, 2022
Խմբագիրներ. «Հրապարակաւ Կը Հրաժարինք  Փաշինեանին Ձեւական Հարցում Ուղարկելէ»
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագիրներ. «Հրապարակաւ Կը Հրաժարինք Փաշինեանին Ձեւական Հարցում Ուղարկելէ»

Յունիս 27, 2022
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան  Ներկայացուցիչները Այցելեցին  Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին
Գաղութային

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ներկայացուցիչները Այցելեցին Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին

Յունիս 27, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In