
ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու «Դար մը բռունցքով դէպի ամբողջական հատուցում» բանակումը երէկ` չորեքշաբթի, 5 օգոստոսին նոր հանգրուան մը թեւակոխեց, երբ բանակումին մասնակից պատանիները ճամբայ ելան դէպի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն: Երեկոյեան հոն հասնելով անոնք մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորուեցան Քաշաթաղի շրջանին մէջ: Յառաջիկայ օրերը բաւական հետաքրքրական եւ խորհրդանշական պիտի ըլլան պատանիներուն համար, որովհետեւ անոնք անձամբ պիտի տեսնեն այն տարածքը, որ ազատագրուած է հերոս նահատակներուն շնորհիւ, որուն մասին իրենք շատ բան լսած, կարդացած ու տեսած էին: Յաղթանակի խորհրդանիշ Արցախի մէջ պատանիները պիտի ապրին իւրայատուկ օրեր:


