Ուրբաթ, 7 օգոստոս 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի առնչուած հարցերու պատասխանատուներէն դոկտ. Միշել Նսէյրի եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշել Ժալըխի:
Աշխատանքային հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի եւ եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու կարելիութիւնները եւ այդ ծիրին մէջ յատուկ անդրադարձ եղաւ կարգ մը միացեալ ծրագիրներու իրագործման:
Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան հոգեւոր պետերու հանդիպում մը կայացնելու ծրագիրը եւ յառաջիկային Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Գործադիր վարչութեան ժողովին օրակարգերը: Վերոնշեալ հարցերուն շուրջ վեհափառ հայրապետը ներկայացուց իր պատկերացումը` միաժամանակ կատարելով անհրաժեշտ թելադրանքները:
Վեհափառ հայրապետը յատկապէս ընդգծեց եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութեան ծիրը աւելի ընդլայնելու հրամայականը` առաւելագոյն չափով հեռու մնալով քաղաքական ու միջկրօնական բնոյթ ունեցող զգայնութիւններէ, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ: