31 օգոստոսին Երեւանի մէջ մահացած է սփիւռքահայ գործարար, հասարակական գործիչ, բարերար Վահագն Յովնանեան:
Ան ծնած է Իրաք, 16 փետրուար 1932-ին: Հայ ճարտարագէտ-ձեռնարկատէր, հասարակական գործիչ, բարերար Հրայր Յովնանեանի եղբայրն է:
1952-ին աւարտած է Պաղտատի քոլեճը, 1956-ին` Ֆիլատելֆիոյ Ս. Ժոզեֆի համալսարանը (Փենսիլվանիա նահանգ)` ստանալով բնագէտի պսակաւոր գիտութեանց աստիճան:
1959 թուականին հիմնած է (եղբայրներուն հետ) «Յովնանեան եղբայրներ» համագործակցականը (եղած է փոխնախագահ), 1969 թուականին` սեփական անշարժ գոյքի շինարարութեան («Hovhit») ընկերութիւնը: Գործունէութեան աճով` ընկերութիւնը ճիւղաւորուած եւ հիմնադրած է քանի մը դուստր ընկերութիւններ` «V.S. Hovnanian Group», «Adelfia Water Company», «Adelfia Sewer Company», «Hovnanian Realty», «Clear Title Agency» եւ «Grandview Cable»:1985 թուականին Յովնանեան որդիին` Շանթին հետ նախաձեռնած է յաճախականութեան լայն ընդգրկումով հեռահաղորդակցութեան ընկերութեան` հիմնելով «Cellular Vision» համագործակցականը, որ հետագային վերանուանուած է «SpeedUS»:
1960-ականներուն Յովնանեան 4 տարի շարունակ եղած է Նիւ Ճըրզի նահանգի Ռիճֆիլտ քաղաքի Ս. Վարդանանց հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, նաեւ` Ամերիկա-Իսրայէլ բարեկամութեան խորհուրդի անդամ:
«Յովնանեան Ինթըրնեշընըլ» (1998 թուականէն) եւ «Յովնանեան Կրուփ» ընկերութիւններու նախագահ է:
Վահագն Յովնանեանի բարեսիրական ծրագիրները նպատակաուղղուած են հայ մշակոյթի զարգացման ու պահպանման, նաեւ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման: Կնոջ` Յասմիկ Յովնանեանի հետ, 1976 թուականին Նիւ Միլֆորտ քաղաքին մէջ հիմնած է հայկական դպրոց, նպաստած է Միացեալ Նահանգներու հիւսիս-արեւելեան հայ համայնքի կրթական, կրօնական եւ մշակութային խնդիրներու լուծման:
2000 թուականին Հայաստանի մէջ հիմնած են Սայաթ Նովայի անուան, 2002 թուականին` «Վահագն» մրցանակները: 2001 թուականի մայիսին ստեղծած է «Հայկական զբօսաշրջութեան զարգացման գործակալութիւնը»:
1998 թուականին Երեւանի մէջ կառուցած է Վահագնի թաղամասը: