Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դոկտ. Սալեհ Զահրէտտինի «Մուսա Լեռէն Մինչեւ Հաուշ Մուսա-Այնճար» Հատորի Շնորհահանդէսը` Այնճարի Մէջ

Օգոստոս 25, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

6a_8-24-15

Կիրակի, 23 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Այնճարի Քաղաքապետարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Սալեհ Զահրէտտինի «Մուսա լեռէն մինչեւ Հաուշ Մուսա – Այնճար» (արաբերէնով) հատորի շնորհահանդէսը` հովանաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ` Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակ Սարգիս Շաննագեանի (Կրօն) յիշատակին:

Հանդիսութեան ներկայ էին գիւղի հոգեւոր հայրերը, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, գիրքի հեղինակ դոկտ. Սալեհ Զահրէտտինը, Պեքաայի տարբեր գիւղերու քաղաքապետներ եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, Այնճարի մէջ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով  հայրենակիցներ:

1a_8-24-152a_8-24-15Արաբերէնով ձեռնարկին  բացման խօսքը արտասանեց Նաթալի Տէր Ստեփանեան-Քենտիրճեան: Ան  ներկայացուց Մուսա Լերան հերոսամարտի նահատակ Սարգիս Շաննագեանի (Կրօն) կենսագրականը, որմէ ետք ան գնահատեց հատորի հեղինակը եւ անոր տարած բծախնդիր աշխատանքը այս գիրքին պատրաստութեան համար նշելով, «անիկա կը նկատուի առաջին գիրքը, որ արաբերէնով կը ներկայացնէ Մուսա լերան ժողովուրդի պատմութիւնը»:

Բացման խօսքէն վերջ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի կեդրոնական մարմինի նախագահ Եսայի Հաւաթեան հայերէնով ողջունեց ներկաները` յայտնելով, որ «դոկտ. Սալեհ Զահրէտտին հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամներէն է եւ այս հատորը  հայութեան նուիրուած անոր հրատարակութիւններու 18- րդն է»: Ան ամփոփ կերպով ներկայացուց այս գիրքի պատրաստութեան հանգրուանները յայտնելով, որ «ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբի առաջարկին դոկտ. Սալեհը դրական պատասխան տուած էր, որմէ ետք կոմիտէն քաջալերած էր այս աշխատանքը, իսկ Այնճարի քաղաքապետութիւնը հովանաւորած եւ հրատարակած էր այս պատմագիտական հատորը»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտ. Սալեհին այս կարեւոր աշխատանքը ամբողջացնելու համար:

3-(2)_8-24-154a_8-24-15Ապա տուտուկի վրայ հայկական ազգագրական նուագներ կատարեց Վիգէն  Քէշիշեան, որմէ ետք ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անդամ դոկտ. Կարօ Փիլաւճեան արաբերէնով ներկայացուց հատորը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հեղինակին իր կատարած աշխատանքին համար, որ գրական, մշակութային, քաղաքական, պատմական, բարձր  արժէքներ կը ներկայացնէ:

Դոկտ. Փիլաւճեան ըսաւ, թէ «գիրքը նուիրուած է Մուսա լերան 40-օրեայ հերոսամարտը մղած ու Այնճար գիւղը հիմնած ժողովուրդին եւ անոր տուած բոլոր նահատակներուն: Գիրքը իր տասը բաժանմունքներով կը ներկայացնէ Մուսա լերան ժողովուրդի պատմութիւնը հերոսամարտի նախորդող տարիներուն,  հերոսամարտի ընթացքին եւ ապա Այնճարի սկզբնական տարիներուն»: Ան ըսաւ, թէ հեղինակը պատմական մանրամասն տուեալներով ներկայացուցած է այդ օրերուն տիրող քաղաքական պայմանները որոնց յաջորդեց Մուսա լերան հերոսամարտը: Ան ներկայացուցած է նաեւ հերոսամարտին ընթացքին մուսալեռցիներուն դիմադրութեան եւ ռազմավարութեան բոլոր մանրամասնութիւնները:

Դոկտ. Փիլաւճեան իր խօսքի աւարտին ըսաւ, թէ հեղինակը գիրքին վերջին բաժինով ներկայացուցած է Մուսա լերան ժողովուրդի Այնճար հաստատուիլը եւ Այնճարի հիմնադրութեան սկզբնական տարիներուն տիրող իրավիճակը, որուն ընթացքի մուսալեռցիներ տուին աւելի քան 1000 նահատակներ:

Ան իր խօսքը աւարտեց նշելով, որ «այս գիրքը երազ մըն էր, որ իրականացաւ: Անոր միջոցով կարելի պիտի ըլլայ ապագայ սերունդներուն փոխանցել, թէ կամքի եւ յեղափոխութեան միջոցով մուսալեռցիներ մղեցին յաղթական հերոսամարտ եւ հիմը դրին դրախտ Այնճարին»:

Այնուհետեւ Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան Այնճարի ժողովուրդին անունով  բարձր գնահատեց հեղինակին գործը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր նուիրումին եւ աշխատանքին համար: Ապա ան ներկայացուց Մուսա լերան հերոսամարտի ու Այնճարի հիմնադրութեան պատմականը, եւ շրջանի ժողովուրդին հիւրասէր վերաբերմունքը Այնճարի հիմնադրութեան դժուար տարիներուն:

Քաղաքապետին խօսքէն ետք աւանդութեան համաձայն, գիւղի հոգեւոր հայրերը օրհնեցին գիրքը եւ գինիով օծելէ ետք զայն յանձնեցին հեղինակին:

8a_8-24-15

Հատորին հեղինակ դոկտ. Սալեհ Զահրէտտին իր սրտի խօսքով  անդրադարձաւ Մուսա լերան ժողովուրդի հպարտացուցիչ անցեալին եւ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց այս ժողովուրդին կրած տառապանքը երկու համաշխարհային պատերազմներու ընթացքին: Ան բարձր գնահատեց մուսալեռցիներու հերոսական դիմադրութիւնը 1915-ին` յայտնելով, որ «անոնք մահը փճացուցին եւ ապրելու իրենց ոգիով օրինակ ծառայեցին ամբողջ մարդկութեան»: Ան յայտնեց, որ այս ժողովուրդը իր դիմադրութեան բարձր ոգիով, իր աշխատասիրութեամբ եւ մանաւանդ իր անկոտրում կամքով կրցաւ իր լեռը եւ պատմութիւնը փոխադրել Մուսա լեռէն Այնճար եւ ստեղծեց Պեքաայի դաշտի դրախտ Այնճարը:

Իր խօսքի աւարտին ան գրաւոր կերպով այս հատորի իր բոլոր իրաւունքները փոխանցեց ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին եւ Այնճարի քաղաքապետութեան` յայտնելով. «Թող այս գիրքը նուէր ըլլայ այս պայքարող ժողովուրդին, որ գիտէ ճահիճներէն եւ մոխիրներէն փիւնիկի նման վերապրիլ»:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքի մակագրութիւն եւ հիւրասիրութիւն:

Հատորը անվճար տրամադրուեցաւ բոլոր ներկաներուն` Այնճարի քաղաքապետութեան կողմէ: Յայտնենք նաեւ, որ գիրքին կողքը տրամադրուած է գեղանկարիչ Գօգօ Սգայեանի կողմէ:

Նախորդը

Կրկէսը Բացուած Է…

Յաջորդը

Ըստ «Ճումհուրիյէթ»-ի. Օպամա Չէ Ուզած Հանդիպում Ունենալ Էրտողանի Հետ

RelatedPosts

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ  Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ

Մայիս 9, 2025
Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025
Պաքուի Մէջ Ազրպէյճանի Միջնորդութեամբ  Թուրք-Իսրայէլեան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Ազրպէյճանի Միջնորդութեամբ Թուրք-Իսրայէլեան Բանակցութիւններ

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?