Երէկ` 1 սեպտեմբերին մահացած է նշանաւոր պետական եւ զինուորական գործիչ, Հայաստանի զինուած ուժերու կառուցման յառաջամարտիկ, զօրավար-գնդապետ Գուրգէն Դալիբալթայեան:
Ան ծնած է 5 յունիս 1926-ին, Վրաստան` Բոկտանովկայի (այժմ` Նինոծմինտա) շրջանի Մեծ Արագեալ գիւղը: 1947-1991 թուականներուն ծառայած է Խորհրդային Միութեան զինուած ուժերուն մէջ:
«Հայաստանի համար բախտորոշ ժամանակաշրջանի մը` 1991 թուականին, Գուրգէն Դալիբալթայեան հայրենիքի կանչով եկած է Հայաստան եւ զինուորագրուած է Հայաստանի ազգային բանակի կազմաւորման բարդ ու դժուար գործին: Ըլլալով փորձառու զինուորական` ան իր խորհուրդներով եւ փորձառութեամբ օգնած է նորաստեղծ զինուած ուժերու երիտասարդ սպաներուն: Անձամբ ղեկավարած է շարք մը մարտական գործողութիւններու ծրագիրներու մշակման աշխատանքները», ըսուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
1993-2006 թուականներուն ան եղած է նախագահի գլխաւոր խորհրդական, իսկ 2000-2006 թուականներուն զինուորական գլխաւոր տեսուչ:
20 յուլիսի 2001-ին Գուրգէն Դալիբալթայեանին շնորհուած է Երեւանի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում:
«Զօրավար-գնդապետ Գուրգէն Դալիբալթայեանի յուղարկաւորութիւնը զինուորական կարգով կազմակերպելու նպատակով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ստեղծած է յանձնախումբ` պաշտպանութեան նախարարին գլխաւորութեամբ», ըսուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: