Այսօր` չորեքշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2015-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կը մեկնի Աթէնք-Յունաստան` ընկերակցութեամբ միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեանի:
Վեհափառ հայրապետը հրաւիրուած է իր խօսքը արտասանելու «Քրիստոնեայ-իսլամ խաղաղ համագոյակցութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ» նիւթին շուրջ տեղի ունենալիք համագումարի բացման նիստին: Համագումարը տեղի պիտի ունենայ 2-3 սեպտեմբեր 2015-ին, Աթէնքի մէջ: