Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Գրիգոր Պըլտեանի «Սեմեր», «Տարմ» Եւ «Կրկնագիր Մարդը» Գիրքերու Շնորհահանդէս

Հոկտեմբեր 10, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

bel-4_10-09-15

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ ուրբաթ, 9 հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէս սիփւռքահայ գրող Գրիգոր Պըլտեանի երեք գիրքերուն` «Սեմեր», «Տարմ» եւ «Կրկնագիր մարդը», որոնք լոյս տեսած են Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն:

Շաղիկ Մկրտիչեան
Շաղիկ Մկրտիչեան

Գրական ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Շաղիկ Մկրտիչեան` յայտնելով, որ ձեռնարկը լաւագոյն առիթն ու փորձն է գրասէր հասարակութեան հանդիպելու գիրքերու հեղինակին հետ: Ապա Մկրտիչեան առիթ տուաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանին, որ ուղղէ իր խօսքը շնորհահանդէսին առիթով: Վերջինս ըսաւ, թէ Համազգայինի գանձարանը հարստացած է Գրիգոր Պըլտեանի կոթողային գործերով: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Գրիգոր Պըլտեանին, որ գիրքերուն հրատարակութիւնը վստահած է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան: Ապա Շաղիկ Մկրտիչեան շարունակեց խօսքը ըսելով, որ եթէ  հրատարակուած գիրքերը կը վկայեն որոնող մտքի մը եռանդին ու ժրաջան աշխատանքին մասին, միւս կողմէ կը յուշեն ոչ յառաջադէմ ընթացիկ, կրկնողակի, վերանորոգ ուժականութիւն ցուցաբերելով առարկայական պայմաններուն մէջ  մեր գաղութին վերապահուած անակնկալներուն մասին:

Շաղիկ Մկրտիչեան հակիրճ ներկայացուց Գրիգոր Պըլտեանի «Տարմ» եւ «Սեմեր» գիրքերը: Ան ըսաւ, թէ «Տարմ»-ը իր մէջ կը խմբէ բազմառատ փորձ- ընթերցումներ, իսկ «Սեմեր» գործին մէջ ձայն մը նկարներ կը տրամադրէ գրողին, որ գրէ անոնց մասին: Այստեղ առաջ կը դրուին ժամանակի հարցը, աղէտի խնդիրը, մանաւանդ երբ ժամանակը կրնայ մեքենականօրէն յուշի առասպելի շատ ծանօթ կառոյց մը առաջ բերել:

Շաղիկ Մկրտիչեան հրաւիրեց օրուան բանախօս Յարութիւն Քիւրքճեանը, որ ներկայացնէ Գրիգոր Պըլտեանի «Կրկնագիր մարդը» գործը: Յարութիւն Քիւքճեան ըսաւ, թէ «Կրկնագիր մարդը» պատմութիւնն է գործակցութեան` մարդաբանութեան թանգարան-հիմնարկի մէկ երէց գիտնականին եւ իր երիտասարդ ուսանող օգնականին, որ վէպին պատմողն է: Օգնականը պիտի ստանձնէ ֆրանսերէնով վերախմբագրել ինքնակենսագրութիւնը երէց գիտնականին: Յարութիւն Քիւրքճեան նշեց, որ  վէպին մէջ կը հանդիպինք արձակի զանազան ձեւերու, մակարդակներու, լեզուի շատ անձնական միաձուլումի առջեւ: Միջանկեալ կարեւոր փուլ մը կը կազմեն ուսանողին եւ երէց գիտնականին հանդիպումը ճաշարանին մէջ, ապա աշխատանքի առաջարկը: Քիւրքճեան յայտնեց, որ երբ հեղինակը կամ ներկայացուած կերպարները շատ ծանօթ են, երկուութիւն մը կը մնայ վիպային պատումին եւ փաստացի իրականութեան միջեւ: Կեանքի իրադրութիւնները, կեանքի իրական կերպարները նախանիւթ են վիպագիրին, պատրուակ են իր սպասին, իր տեսիլքը հիւսելու, բաղադրելու իր հոգեմտաւոր աշխարհի հարցադրումները:

Գրիգոր Պըլտեան
Գրիգոր Պըլտեան
Յարութիւն Քիւրքճեան
Յարութիւն Քիւրքճեան
Յակոբ Հաւաթեան
Յակոբ Հաւաթեան

Քիւրքճեան անդրադարձաւ, որ վէպին դարձակէտ հանդիսացող դրուագը կը կազմէ այն փուլը, երբ գիտնականը կը պահանջէ տեսնել հայոց այբուբենը, ապա իմանալ անոր գիւտարարին մասին: Եւ անչափ կը յափշտակուի Մաշտոցի` հնադարեան լեզու մը գիրի պատկերումին ճամբով ապագայ դարերուն հասցնող հանճարեղ այդ մարդուն կերպարով, որ օգնականը ինք իր կարգին կ՛ունենայ նոյնպիսի անդրադարձ:

Վէպին վերջին գլուխները կը կազմեն գագաթնացումը, ուղղակի հոգեմտաւոր դիւցազներգութիւն մը… խորանկարային կառոյց մը, ուր գիտնականին եւ իր կենսագիրին` վէպի պատմողին զոյգ կերպարներուն խորքին` հեռուն, կ՛երեւին Մաշտոց ու Կորիւն:

Մաշտոց յաճախանքի մը ուժգնութեամբ, ճնշումով, բռնութեամբ կ՛իշխէ պատմողին` հեղինակին հոգեկան աշխարհին վրայ: Կորիւնի ճիգը Մաշտոց կենսագրելու եւ ճիգին արգասիք «Վարք Մաշտոցի»-ն կը կազմեն խորիմաստ զուգահեռ` Փարիզէն անցնող օտար գիտնականին եւ իր երիտասարդ օգնականի կապին, կրտսեր-երէց, ուսուցիչ-աշակերտ փոխյարաբերութեան մը, պատմութիւնը` մարդ խորհուրդի մը վերծանման ջանքերուն` միշտ դատապարտուած մնալու կիսատ:

«Կրկնագիր մարդը» թէեւ բոլորովին նոր ոլորտ փոխադրուած եւ նորագիւտ դրուածքով մը, կ՛առնչուի շարքին, կ՛առնչուի կերպարային թէ դիպային վերյիշումներով պարբերական վերադարձներով, գրողական հնագիտութիւններով: Բայց մանաւանդ կը յուզէ Գրիգոր Պըլտեանի ընդհանրական, նոյն հիմնահարցը` մարդկային հոգին եւ իր աշխարհը ըսելու ու բացայայտելու, խօսքի բերելու ողբերգական դժուարութեան նոյն տագնապը:

Խօսք առաւ նաեւ երեք գիրքերու հեղինակ Գրիգոր Պըլտեան: Ան ըսաւ, թէ գրողը  պիտի ուզէր շարունակել գործը իր սեղանին առջեւ եւ այն վայրը, ուր ընտրած է` յաւակնելով, որ կեանքը քաոս է. գրելով պիտի կանոնաւորէ քաոսը: Գրիգոր Պըլտեան իր երեք գիրքերու լոյս ընծայման առիթով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան յայտնեց իր գոհունակութիւնը եւ շնորհակալութիւնը: Ան շարունակեց խօսքը ըսելով, թէ գրողը(Գրիգոր Պըլտեան) գիտէ, որ լեզուն ընկերային է: Գիտէ նաեւ, որ գրականութեան մէջ կան ուրիշներ: Լեզուին մէջ գրողը մինակ չէ: Իր հայրերուն հայրերը լեզուին մէջ են, ու մանաւանդ Մեսրոպ Մաշտոց միշտ առկայ է գրողի լեզուին տակ:

Գրիգոր Պըլտեան նշեց, որ գրագէտը կ՛ապրի գիրքին մէջ, այնքան ատեն որ կը գրէ, իսկ երբ աւարտէ ու հրատարակէ զայն, կ՛անդրադառնայ, որ գիրքը իրեն չի պատկանիր, գիրքը զինք դուրս նետած է: Գրագէտը դարձած է սոսկ մնացորդ մը մեծ դէպքէն: Գիրքը հրատարակուելէն ետք ուրիշներ կ՛ապրին գիրքին մէջ: Ընթերցողին է կարգը, թող հրամմէ ու ներս մտնէ:

Ան անդրադարձաւ նաեւ, թէ գրողը ինչ որ տեղ ստիպուած է մեկնաբանել իր ծագումը, ապա ըսաւ, որ այսօր, մինչ այս հանդիպումը կը կազմակերպուի երեք գործերուն նոյն ատեն տեսակ մը հրաշքով հրատարակման առիթով «Մեր», «Իմ» ծննդավայրիս մէջ, ուր միակ տեղը աշխարհի մէջ կրնամ այդպէս վերադառնալ: Այս վերադարձը անհուն շրջադարձի կը նմանի, ոչ թէ անոր համար, որ մեկնումիդ ու վերադարձիդ միջեւ այլափոխուած են , այլ անոր համար, որ ծներ ես քանի մը անգամ` Փարիզ, Պէյրութ, եւ երկրորդ ծնունդով առաջինը միայն կ՛ըլլայ «ինքզինք»:

Ինքզինք բնորոշելով Պըլտեան ըսաւ, թէ գրել սկսած է իբրեւ խաղ, հետզհետէ խաղը դարձած է որոշում գրող դառնալու, բայց հաստատ հաւատալով, թէ գրող կը դառնայ, գրող չի ծնիր: Գրիգոր Պըլտեան ըսաւ, թէ գրականութիւնը գրելու ձեւ մըն է, մտածում չէ: Գրելը արտագրել չէ, այլ  բացուիլ է լեզուին:

Ան աւարտեց խօսքը ըսելով, թէ գրագէտը աշխարհի բազմաթիւ լեզուներէն ընտրեր է արեւմտահայերէնը, կը դաւանի, որ այդ լեզուին հպատակն է ու իշխողը, կը ջանայ պահել իր լեզուի աշխարհայնութիւնը, որ կարենայ ըսել ամէն բան:

Գրագէտը աշխարհին առջեւ կը յօրինէ իր լեզուն, նոյն ատեն կը յայտնուի ոճը: «Հասկնալի է, որ ասիկա կեանքի ու արուեստի քերականութիւն է», ըսելով իր խօսքը աւարտեց Գրիգոր Պըլտեան:

Շաղիկ Մկրտիչեան փակուած յայտարարեց գրական հանդիպումը:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. ՀՕՄ-ի «ՍՕՍԷ» Մանկապարտէզի Շէնքի Ծրագիրի Իրագործման Սկիզբ

Յաջորդը

Ազրպէյճան 3 Միլիառի Զինուորական 60 Ուղղաթիռ Պիտի Գնէ Թուրքիայէն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պետութիւններու Շահերը  Եւ Տրամադրուող Պատրուակները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պետութիւններու Շահերը Եւ Տրամադրուող Պատրուակները

Մայիս 21, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 21, 2025
Աուն-Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Սալամ Հանդիպում

Մայիս 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?