Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. ՀՕՄ-ի «ՍՕՍԷ» Մանկապարտէզի Շէնքի Ծրագիրի Իրագործման Սկիզբ

October 10, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

sose-11_10-09-15

Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) «Սօսէ» մանկապարտէզներէն Արցախի Ստեփանակերտ քաղաքի մանկապարտէզի նոր շէնքի ծրագիրի սկիզբը դրուեցաւ ՀՕՄ-ի Համահայկական 71-րդ Պատգամաւորական ժողովին ընթացքին, 7 հոկտեմբեր, 2015-ին, Երեւանի «Տապըլ Թրի Պայ Հիլթըն» պանդոկին մէջ:

sose-10_10-09-15

Մանկապարտէզի շէնքը պէտք ունէր լայնածաւալ վերանորոգումներու եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշած էր ամբողջովին վերակառուցել շէնքը: Այսպիսով, Արցախի ազատագրման պայքարին զոհուած ազատամարտիկներու զաւակներուն համար ապրիլ 1998-ին հիմնուած մանկապարտէզը, քանդուեցաւ, որպէսզի հիմը դրուի արդիական կառոյցի մը:

Եռայարկ շէնքը, որուն յատակագիծը ունի գրեթէ 6 հազար քառակուսի ոտք տարածութիւն, պիտի ծառայէ 3-էն 6 տարեկան 130 աշակերտներու: Երկրորդ յարկը պիտի տրամադրուի աւելի մեծ տարիքով աշակերտներու արտադպրոցական ծրագիրներուն: Այս նորակառոյց շէնքը նաեւ պիտի ունենայ արհեստագիտական (համացանց, նեթուըրքինկ) սարքաւորումներ:

Պատգամաւորական ժողովին ընթացքին հանգանակիչ յանձնախումբը ներկայացուց շինարարական աշխատանքներու ծրագիրը: «Ստեփանակերտի մանկապարտէզը պիտի ունենայ արդիական սարքաւորումներով շէնք մը, ուր ազատ Արցախի մէջ ապրող մանուկները պիտի ստանան որակաւոր ուսում», ըսաւ Անժել Մանուկեան` հանգանակիչ յանձնախումբի ատենապետը:

Հանգանակիչ յանձնախումբը շէնքը կառուցելու եւ կահաւորելու համար նախատեսուած 850.000 տոլարի պիւտճէէն շուրջ 500.000 տոլար արդէն իսկ հանգանակած է: Բարերարներու կարգին են տէր եւ տիկին Ճեքի եւ Սեդա Կիւվրեքեան (2009-ին 100,000 տոլար), ազգային մը Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն (100.000 տոլար) եւ տէր եւ տիկին Օրէնլեան եւ Անահիտ Մարտիրոս (50.000 տոլար):

Ներկայացման ընթացքին յանձնախումբը տեղեկացուց, որ հանգանակային աշխատանքը պիտի շարունակուի մինչեւ շէնքի կառուցման աւարտը` 2017-ի գարուն:

Հուրի Նաճարեան, Պատգամաւորական Ժողովի համաատենապետը, գնահատեց Կեդրոնական վարչութեան յանձնախումբը եւ աւելցուց. «ՀՕՄ-ի 27 երկիրներու բոլոր շրջաններուն, մասնաճիւղերուն եւ անդամներուն կոչ կ՛ուղղեմ, որ քաջալերեն հանգանակային արշաւը»:

Շէնքի հիմնօրհնէքը տեղի պիտի ունենայ 11 հոկտեմբեր, 2015-ին, մասնակցութեամբ Կեդրոնական վարչութեան, հանգանակիչ յանձնախումբին եւ ՀՕՄ-ի անդամներուն:

Կարեւոր այս ծրագիրին մասնակցելու համար կը խնդրենք, որ ձեր նուիրատուութիւնները ուղարկէք հետեւեալ հասցէին.- ARS Inc., 80 Bigelow Ave., #300, Watertown, MA 02472, USA. Ձեր նուիրատուութիւնները նաեւ կրնաք կատարել կայքի միջոցով` http://ars1910.org/projects/education/ars-soseh-kindergartens/. Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակը` (617) 926-5892 թիւին կամ [email protected] ե-նամակի հասցէով:

Լուսանկարներ
Ստեփանակերտի ՀՕՄի «Սօսէ»
Մանկապարտէզի աշակերտներ

Նախորդը

«Անհրաժեշտ Է Նոր Մղում Տալ 100 Տարիներու Վրայ Երկարող Հայ-Զուիցերիական Գործակցութեան» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Գրիգոր Պըլտեանի «Սեմեր», «Տարմ» Եւ «Կրկնագիր Մարդը» Գիրքերու Շնորհահանդէս

RelatedPosts

Ակնարկ  Վենեզուելա – Իրան – Քուպա
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Վենեզուելա – Իրան – Քուպա

September 30, 2026
Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.