Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) համահայկական 71-րդ պատգամաւորական ժողովը, որ գումարուեցաւ Հայաստանի Երեւան քաղաքին մէջ` մասնակցութեամբ աշխարհի տարածքին գտնուող 22 երկիրներէ եկած ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչներուն, կը զօրակցի Հայաստանի եւ Արցախի սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն, որոնք կը ռմբակոծուին Ազրպէյճանի բանակին կողմէ: Հակառակորդը շարունակականօրէն կը խախտէ հրադադարը, որուն հետեւանքով կրակոցներէն կը զոհուին կամ կը վիրաւորուին անմեղ բնակիչներ, ներառեալ` մանուկներ, կիներ եւ տարեցներ:
Ժողովս կը դատապարտէ անմարդկային անօրինական արարքները եւ կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հանրութեան դատապարտելու ու կասեցնելու նմանօրինակ խախտումներ:
ՀՕՄ-Ի ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 71-ՐԴ
ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ