Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էլեմընթ» Նուագախումբին Աննախընթաց Ելոյթը` Լիբանանի Մէջ

Հոկտեմբեր 5, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

element1_10-04-15

Կազմակերպութեամբ «Վանայ ձայն»-ի երէկ` կիրակի, 4 հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ամերիկահայ «Էլեմընթ» նուագախումբի աննախընթաց ելոյթը:

element3_10-04-15

«Էլեմընթ» նուագախումբը հիմնուած է 2005-ին` Արա Տապանճեանի կողմէ: Նուագախումբին գլխաւոր ձգտումը եղած է աւանդական երաժշտութիւնը մեկնաբանել նոր ոճով եւ նորարարութեամբ` ստեղծելով իւրայատուկ ինքնութիւն մը: Նուագախումբին գործիքաւորումները ռոք երաժշտութիւնը կը միացնեն ամերիկեան, ֆրանսական, սպանական, պուլկարական, իտալական, փորթուգալական, յունական, արաբական, պարսկական եւ հայկական երգերուն հետ: Անդամները կ՛օգտագործեն  իւրայատուկ նուագարաններ եւ գործիքաւորումներ, որոնք կատարումը կը դարձնեն անզուգական: Նուագախումբը ելոյթներ ունեցած է Լոս Անճելըսի լաւագոյն սրահներուն մէջ: Անիկա այս տարի առաջին անգամ ըլլալով այցելեց նաեւ Հայաստան: Պէտք է նշել, որ  նուագախումբին հրապարակած առաջին ձայնասկաւառակը` «Եւ Օ Ֆէ»-ն 2006-ին ստացաւ «Էյ.Էմ.Էյ. Պեսթ Նիուքամըր» մրցանակը, իսկ «Ուհ»-ը` 2009-ին «Արմինիըն Միուզիք Ըուորտզ»-ի ընթացքին արժանացաւ «Տարուան լաւագոյն միջազգային ձայնասկաւառակ» մրցանակին:

Աւետիս Կիտանեան
Աւետիս Կիտանեան

Արդարեւ, աւելի քան երկու ժամ տեւողութեամբ հոծ բազմութեան դիմաց ներկայացուած յայտագիրին բացման խօսքը արտասանեց «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան: Ան հաստատեց, որ «Վանայ ձայն»-ը կը փորձէ իր գործունէութեան ընթացքին ըլլալ լիբանանահայութեան ձայնը, նաեւ սփիւռքահայութեան կապը հայրենիքին հետ: Ան նկատել տուաւ, որ ասիկա «Էլեմընթ» նուագախումբին առաջին ելոյթն է Լիբանանի մէջ` շեշտելով, որ սոյն նախաձեռնութիւնը պիտի գոհացնէ հանդիսատեսները եւ պիտի արժեւորէ մեծ հռչակ ունեցող խումբը: Իր խօսքի աւարտին Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հովանաւորներուն, որոնց միջոցով կարելի եղաւ յաջողցնել սոյն նախաձեռնութիւնը:

Այնուհետեւ Արա Տապանճեան` կիթառահար, պուզուքիստ, սազ, ուտ, ձեռնադաշնակ, երգեհոնահար (Միացեալ Նահանգներէն), Սօսէ Քէշիշեան` երգչուհի (Միացեալ Նահանգներէն), Արէն Էմիրզէ` երգիչ (Միացեալ Նահանգներէն), Նորայր Տաղլեան` կիթառահար (Լիբանանէն), Արմէն Մէշէֆէճեան` թմբկահար եւ հարուածային գործիքներ (Միացեալ Նահանգներէն), Գառնիկ Պաղտասարեան` պաս կիթառ (Տուպայէն), Մարտիկ Փալազեան` ջութակահար (Լիբանանէն) ներկայացուցին հայերէն, յունարէն, պարսկերէն, սպաներէն երգերու փունջ մը, ինչպէս` «Սարի սիրուն եար», «Արի իմ սոխակ», «Աղունիկ», «Ով դու գեղեցիկ», «Սէրս գաղտնի թող մնայ», «Մարտիկի երգը», «Նունէ», «Հարս եմ գնում», «Նուպարի պոյը չինար է» եւ այլն` արժանանալով հանդիսատեսներուն բարձր գնահատանքին:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներ Ուսուցչաց Համագումար` Վերամուտին Առիթով

Յաջորդը

Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան Ներկայացուց «Տիգրան Մեծ» Մենաթատրոնը` Մարմնաւորելով 14 Կերպարներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?