Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոգեհանգիստ` Նահատակ Եւ Ննջեցեալ ՀՄԸՄ-Ականներու Յիշատակին

November 3, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 1 նոյեմբերին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` ի յիշատակ ՀՄԸՄ-ական նահատակներուն եւ ննջեցեալներուն, որոնք իրենց կեանքին ընթացքին փորձեցին առաւելագոյն կերպով ծառայել ՀՄԸՄ-ին: Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը տարեկան դրութեամբ կը յիշէ միութեան նահատակներն ու ննջեցեալները, յարգանքի տուրք կը մատուցէ անոնց յիշատակին:

Հոգեհանգստեան պաշտօնին ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութենէն ներկայացուցիչներ, Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, մասնաճիւղերու վարչութիւններն ու յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու Շրջանային խմբապետական կազմը, նախկին շրջանային վարչութիւններու անդամներ, ՀՄԸՄ-ականներ:

Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, եկեղեցւոյ դրան մուտքին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներն ու Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ընդունեցին ցաւակցութիւններ, մատուցուեցաւ հոգեսուրճ: Մտերմիկ զրոյցի մը ընթացքին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան եւ ներկաները անդրադարձան լիբանանահայ գաղութը եւ ՀՄԸՄ-ը յուզող հարցերուն:

Առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ աշխարհասփիւռ այս միութեան աշխատանքին` ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան, հայապահպանման գործին մէջ միութեան տարած մեծ գործին, օտարամոլութեան դէմ պայքարի իր դերակատարութեան եւ շարք մը այլ մարտահրաւէրներու մէջ իր ներդրումին, շեշտը դնելով յատկապէս մարդուժի պատրաստութեան համար այս միութեան հսկայ աշխատանքին վրայ:

 

Նախորդը

Պատերազմը Տեղափոխւում Է Ազրպէյճան

Յաջորդը

Հայ-Քրտական Յարաբերութիւններու Շուրջ Հարցազրոյց` Վահրամ Պետրոսեանի Հետ

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.