Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատուիրակութեան Հանդիպումը Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան Հետ

November 4, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

YBH_100315

Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան կազմակերպութեամբ, երէկ` երեքշաբթի, 3 նոյեմբեր 2015-ին, տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց մը Լիբանան այցելած Երեւանի պետական համալսարանի դասախօսներու կազմին հետ, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին: Հանդիպումին ներկայ էր համալսարանաւարտ եւ համալսարանական երիտասարդներու համեստ խմբակ մը:

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Արամ Գարատաղլեան: Ան ողջունեց Երեւանի պետական համալսարանի պատուիրակութեան անդամները, ապա կարեւորութեամբ անդրադարձաւ անոնց այցելութեան նպատակին եւ առաքելութեան: Արամ Գարատաղլեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին` այս շրջագիծին մէջ օգտաշատ եւ ազնիւ համագործակցութեան համար, ապա խօսքը փոխանցեց պատուիրակութեան անդամներուն:

Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութեանց հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան նախ ներկայացուց ու ծանօթացուց դասախօսներու կազմը, ապա անդրադարձաւ Երեւանի պետական համալսարանի ներկայութեան` լիբանանահայ կեանքին մէջ: Ան յայտնեց, որ որոշ բացակայութենէն ետք Երեւանի պետական համալսարանը նոր ծրագիրներով կրկին վերադարձած է լիբանանահայ գաղութ եւ մեծ ուշադրութիւն դարձուցած կրթական հաստատութիւններու մէջ հայագիտական առարկաներու վիճակին եւ սերտելով բոլոր դժուարութիւններն ու պայմանները, յաջողած է իրականացնել ուսուցիչներու եւ առհասարակ հետաքրքութիւն ունեցողներու զարգացման տարբեր ծրագիրներ` հարթելու համար հայագիտական առարկաներու դասաւանդման հետ կապուած բոլոր դժուարութիւնները:

Ան պատասխանելով համալսարանականներու հարցումներուն հաստատեց, որ Երեւանի պետական համալսարան կրնան ընդունուիլ բոլոր ազգերու ներկայացուցիչները առանց խտրութեան եւ ընտրել իրենց նախասիրած մասնագիտութիւնը: Իսկ ինչ կը վերաբերի արեւմտահայերէնին, Մհեր Յովհաննիսեան նշեց, որ հայոց լեզուի երկու ճիւղերը` թէ՛ արեւելահայերէնը, թէ՛ արեւմտահայերէնը կարելի է օգտագործել Երեւանի պետական համալսարանին մէջ:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանեան համալսարանին հետ համագործակցութեան առաջին քայլերը արդէն  առնուած են:

Մհեր Յովհաննիսեան անդրադարձաւ Երեւանի պետական համալսարանը իբրեւ հոգեւոր արժէք ներկայացնող կառոյց ընդունելու անհրաժեշտութեան: Ան նշեց, որ համալսարանը կը մնայ այն դարբնոցը, որ սփիւռքը հայ պիտի պահէ:  Ան խօսեցաւ նաեւ հեռակայ ուսուցման կարելիութիւններուն եւ պայմաններուն, մագիստրոսական եւ դոկտորական ծրագիրներու վերաբերեալ որոշ մանրամասնութիւններու եւ համալսարանի հայագիտական բաժանմունքին մասին, ինչպէս նաեւ որոշ տեղեկութիւններ հաղորդեց ցեղասպանագիտութեան ճիւղի աշխատանքներուն մասին: Ան յայտնեց, որ պետական համալսարանին մէջ պսակաւոր արուեստից մակարդակով  կը գործեն մօտ 50, իսկ մագիստրոսական մակարդակով՝ աւելի քան 100 մասնագիտութիւններ։

Պատուիրակութեան անդամ պատմաբան Արտակ Մովսիսեան անդրադարձաւ մասնագիտութիւններու պաշտպանութեան հայաստանեան համակարգին մասին:

Աւարտին խօսք առաւ Ազգային առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեան: Ան մեծապէս գնահատեց ՀԿՀՄ-ի նախաձեռնութիւնը հանդիպելու պատուիրակութեան հետ: Ողջունեց հայ առաքելական եւ հայ կաթողիկէ համայնքներու համագործակցութիւնը յօգուտ նոր սերունդի հայեցի դիմագիծի պահպանման:

Հանդիպումին իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սեպուհ Կարապետեան: Ան իր փորձառութենէն մեկնելով ընդգծեց Երեւանի պետական համալսարանին մէջ կրթութիւն ստանալու գործնական եւ տեսական առաւելութիւնները: Հանդիպումի աւարտին Արամ Գարատաղլեան շնորհակալութին յայտնեց դասախօսներուն` օգտաշատ տեղեկութիւններուն համար: Ապա Մհեր Յովհաննիսեան փոխանցեց պատուիրակութեան նուէրը` գիրքերու փաթեթը Հայ կաթողիկէ համալսարաններու միութեան, ապա ըսաւ, թէ Երեւանի պետական համալսարանը պատրաստ է աշխատելու բոլոր անոնց հետ, որոնք ցանկութիւն ունին ուսանելու Երեւանի մէջ: Ապա ան կարեւոր նկատեց ուսանողական մակարդակի շփումները, որոնք կ՛իրականացուին թէ՛ պարբերաբար գրականութիւն փոխանցելու միջոցով եւ թէ՛ ուղղակի հանդիպումներով ու միասնական քննարկումներով:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց միութեան, որ կարելիութեան սահմաններուն մէջ կ՛աշխատի օգտակար դառնալ լիբանանահայ գաղութին, համայնքին եւ երիտասարդութեան:

 

 

 

Նախորդը

Վեհափառ Հայրապետը Մեկնեցաւ Եգիպտոս

Յաջորդը

«Իրան Պիտի Հեռանայ Սուրիոյ Շուրջ Բանակցութեան Սեղանէն, Եթէ Բանակցութիւնները Կառուցողական Չըլլան» Ըսաւ Ապտոլլահեան

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.