Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լսարան` «Քրտական Քաղաքական Կառոյցներու Դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Մէջ» Նիւթով

November 5, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

22396633299_d14131bac0_o-(1)

Երեւանի պետական համալսարանի դասախօսներու Լիբանան այցելութեան շրջագիծին մէջ, կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 4 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լսարան` «Քրտական քաղաքական կառոյցներու դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ» նիւթով: Զեկուցաբերն էր Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի հայ-քրտական յարաբերութիւններու բաժինի ղեկավար Վահրամ Պետրոսեան:

Լսարանի բացման խօսքը արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեան: Ան նկատել տուաւ, որ Երեւանի պետական համալսարանի պատուիրակութեան Լիբանան այցելութեան առաքելութիւնը ունի կրթական, ինչպէս նաեւ լսարաններ կազմակերպելու նպատակ: Ապա ան ներկայացուց օրուան զեկուցաբերին կենսագրական տուեալները:

«Փաուըր փոյնթ»-ով ներկայացուցած իր նիւթին մէջ Վահրամ Պետրոսեան յայտնեց, որ հայ-քրտական առնչութիւնները կարելի է բաժնել 3 հիմնական մասերու. ա)1878-1923 ժամանակաշրջանը, որ հայկական հարցի միջազգային իրաւական ձեւաւորման եւ թուրքերու դէմ պայքարին մէջ քիւրտերու հետ միասնական ճակատ ձեւաւորելու ձեռնարկումներու շրջանն է: Ան բացատրեց, որ այս ժամանակաշրջանին հայ-քրտական երկարատեւ եւ հաստատուն համագործակցութիւն ձեռք բերելու ջանքերը ձախողեցան եւ քիւրտերը ներգրաւուեցան Օսմանեան կայսրութեան հայաջինջ քաղաքականութեան մէջ: Պետրոսեան յայտնեց, որ 19-րդ դարէն սկսեալ հայոց պատմութեան մէջ անուանի հայ մտաւորականներ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են հայ-քրտական յարաբերութիւններուն վրայ. բ) 1923-1991 թուականներ, երբ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայ բնակչութիւն գոյութիւն չունենալու պայմաններու մէջ` հայ-քրտական համագործակցութիւն ձեւաւորելու, դաշինք կնքելու եւ թշնամիին դէմ միացեալ պայքար մղելու փորձեր կատարելու ժամանակաշրջանն է: Ան ըսաւ, որ այս ժամանակաշրջանին Արեւմտեան Հայաստանը վերածուեցաւ քիւրտերու բնակութեան կեդրոնի, հայ-քրտական հարցերը դուրս եկան միջազգային իրաւական ասպարէզէն, եւ փոխուեցաւ այդ յարաբերութիւններուն տրամաբանութիւնը: Այս թուականներուն ի յայտ եկաւ հայկական կողմի որոշակի գործակցութիւնը. գ) 1991-էն մինչեւ ներկայ օրերը, երբ Հայաստան կարելիութիւն ունեցաւ անկախ եւ ինքնուրոյն քաղաքականութիւն վարելու այս հարցին մէջ: Այս շրջանին քրտական տարբեր կազմակերպութիւններ փորձեր կատարեցին իրենց գործունէութեան ոլորտին մէջ ներգրաւելու Հայաստանի Հանրապետութեան քրտական համայնքը: Վահրամ Պետրոսեան նկատել տուաւ, որ շրջանին մէջ քիւրտերու մեծամասնութեան ինքնագիտակցութիւնը տակաւին ցեղախմբային մակարդակի վրայ էր` աւելցնելով, որ անոնք կը ձգտէին օգտագործել Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւններուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքի կարողութիւնները` խուսափելով Արեւմտեան Հայաստանի եւ հայկական պահանջատիրութեան վերաբերեալ քաղաքական դիրքորոշում արտայայտելէ մանաւանդ որ պատմական Հայաստանի տարածքներուն մէջ ձեւաւորուած ազգագրական պատկերը եւ շրջանի քաղաքական զարգացումները քիւրտերուն համար նպաստաւոր էին:

Բանախօսը նաեւ ներկայացուց վերջերս հրապարակուած տուեալներ` Երեւանի մէջ քիւրտերուն հանդէպ հանրային վերաբերմունքին գծով: Ան հաստատեց, որ ժողովուրդի 17,1 տոկոսը խիստ դրական վերաբերմունք կը ցուցաբերէ քիւրտերուն նկատմամբ, 7 տոկոսը` խիստ ժխտական, իսկ 34,6 տոկոսը` չէզոք են: Այն հարցին, թէ Հայաստանը պէտք է աջակցի Թուրքիոյ դէմ պայքարող քիւրտերուն, 19,4 տոկոսը դրական մօտեցում ունեցած է, իսկ 29,4 տոկոսը` ժխտական: Իսկ այն հարցին, թէ Քիւրտիստանի պետութեան ստեղծման նախագիծը Հայաստանի մէջ ապրող հայերուն վտանգ կը սպառնա՞յ, թէ՞ ոչ` 13,9 տոկոսը վտանգ տեսած է, իսկ 26,1 տոկոսը վտանգ չէ նկատած:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման` ան նկատել տուաւ, որ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ այս հարցը դրուեցաւ ապրիլ 2015-ին: Ան ըսաւ, որ այդ մարզի խորհրդարանը կը բաղկանայ 111 անձերէ, որոնց մէջ ունինք 1 հայ երեսփոխան, որ օրակարգին վրայ դրած էր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Այս հարցին շուրջ պատրաստուեցաւ բանաձեւ մը, որուն տակ ստորագրեցին մօտ 40 անձեր, եւ ասոր իբրեւ արդիւնք բանաձեւը չներկայացուեցաւ, հետեւաբար քուէարկութեան առիթ չտրուեցաւ: Հետեւաբար Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման փորձը ձախողեցաւ: Շարունակելով իր խօսքը` Վահրամ Պետրոսեան ըսաւ, որ թուրք-քրտական համագործակցութիւնը կարելիութիւն չի տար նման բանաձեւի ընդունումը տնտեսական պատճառներով:

Աւարտին առիթը տրուեցաւ ներկաներուն լուսաբանական հարցումներ ուղղելու բանախօսին:

 

Նախորդը

Մամլոյ Լսարան Թիւ 110. Թաթուլ Յակոբեան Ներկայացուց «Երեւանը` Ապամեկուսացուող Թեհրանի Եւ Պատժամիջոցներու Ենթարկուող Մոսկուայի Միջեւ»

Յաջորդը

125 Հազար Տոլարի Նպաստ` Սուրիոյ Հայ Համայնքին

RelatedPosts

Յակոբ Բագրատունի. «Պատերազմը  Անմիջականօրէն Դադրեցնելու  Շատ Յոյսեր Չկան»
Գաղութային

Յակոբ Բագրատունի. «Պատերազմը Անմիջականօրէն Դադրեցնելու Շատ Յոյսեր Չկան»

March 7, 2026
Հոգեւոր Մտամփոփման Օր` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Հոգեւոր Մտամփոփման Օր` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

March 7, 2026
Համահայկական Հրատապ Իրադարձութիւններու Քննարկում «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Նիստին
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Արտակարգ Առցանց Նիստ

March 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.