Երէկ առաւօտ «Ազդակ»-ի խմբագրութիւն այցելեցին եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցան Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչատան տնօրէն եւ համալսարանի հասարակութեան եւ լրատուութեան վարչութեան պետ Կարէն Գրիգորեան եւ Սոչիի հայկական համայնքի նախագահի տեղակալ Մարկոս Կէսեան:
Խորհրդակցութիւնները կը վերաբերէին Երեւանի պետական համալսարանին հետ լիբանանահայ գաղութի կրթական կառոյցներու համագործակցութեան եւ այդ ուղղութեամբ մամուլի լուսաբանման կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ Սոչի-Լիբանան գաղութներու փոխծանօթացման հնարաւորութիւններու ստեղծման համար մամուլին կողմէ իրականացուելիք աշխատանքներուն: