
Ընդառաջելով Արամ Ա. կաթողիկոսի փափաքին, Գարօլան հիմնադրամը 125 հազար տոլար նուիրեց Սուրիոյ հայ համայնքին` յատկացուելու համար կարիքաւոր ընտանիքներուն:
Գարօլան հիմնադրամը կը ղեկավարուի Թինա Գարօլանի եւ իր զաւկին` Ռիչըրտին կողմէ: Յիշեալ ընտանիքը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բարերարներէն մէկն է:


