Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Նաժաֆի Շիի Կրօնապետը Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը

December 18, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

najaf_121715

Հինգշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իրաքի Նաժաֆ քաղաքի կրօնապետը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Սուրիոյ եւ Լիբանանի ներկայացուցիչ շէյխ Ալի Քամալ Պահսունի: Նշենք, որ Նաժաֆ քաղաքը շիի համայնքի կարեւորագոյն հոգեւոր կեդրոններէն մէկն է: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:

Շէյխ Պահսուն նախ շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին այս հանդիպումին համար` փոխանցելով, որ իրենք քաջատեղեակ են իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետին ունեցած փորձառութեան ու հեղինակաւոր ազդեցութեան, եւ այդ իսկ նպատակով այս այցելութիւնը կու տան:  Ան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ նշեց, որ այսօր պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, որովհետեւ նոյն ահաբեկչական ոգին է, որ դժբախտաբար կը գործէ իսլամական կրօնին անունով, երեւոյթ մը որ դատապարտելի է իսլամութեան եւ յատկապէս շիի համայնքին կողմէ:

Արամ Ա. կաթողիկոս խօսեցաւ հայ եւ շիի համայնքներուն միջեւ պատմական կապին մասին: Արդարեւ, Իրանի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ կը գործեն երեք առաջնորդարաններ, որոնք կը կազմակերպեն մեր ազգային եւ կրօնական կեանքը: Անդրադառնալով ահաբեկչութեան երեւոյթին` Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց, որ անոր դէմ պայքարելու լաւագոյն միջոցը ապագայ սերունդներուն դաստիարակութիւնն է` կրօնական ճշգրիտ ըմբռնումներով եւ արժէքներով: Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ զինուորական միջամտութիւնները ազդեցիկ միջոցներ չեն արմատախիլ ընելու ահաբեկչութիւնը, որ այսօր դարձած է ամբողջ աշխարհին մեծագոյն թշնամին: Հետեւաբար, բոլոր կրօններն ու պետութիւնները միասնական պարտաւորութիւն մը ունին ճիշդ ձեւով եւ միասնական ճիգերով տանելու այս պաքարը: Վերջապէս, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած ներկայ կացութեան վրայ Թուրքիոյ պետութեան ունեցած ժխտական դերակատարութեան:

Շիի պատուիրակութիւնը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին` յուսալով, որ ան շարունակէ իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ կրօններու խաղաղ համագոյակցութեան ծիրին մէջ տարած աշխատանքը:

 

 

 

Նախորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. «Նոր Տարի, Նոր Յոյս» Հաւաքական Ցուցահանդէսի Բացում

Յաջորդը

«Արցախ Ֆոնտ»-ին Կազմակերպութեամբ. Արցախեան Տօնավաճառի Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

RelatedPosts

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
Զմմառու Մայրավանքի Նորակերտ Ձեռագրատան Եւ Դիւանի Բացման Հանդիսութիւն
Գաղութային

Զմմառու Մայրավանքի Նորակերտ Ձեռագրատան Եւ Դիւանի Բացման Հանդիսութիւն

October 27, 2026
«Թէքէեան» Մշակութային Միութեան Երիտասարդական Նուագախումբին Տարեկան Համերգը
Գաղութային

«Թէքէեան» Մշակութային Միութեան Երիտասարդական Նուագախումբին Տարեկան Համերգը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.