Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թատերական Հանդիպումներու Շարք. Կլոր Սեղան` «Հայոց Լեզուի Գործածութեան Հարցը Թատրոնի Ընթացքին» Նիւթով

Դեկտեմբեր 18, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

balian_121715

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, երէկ` հինգշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ թատերական հանդիպումներու շարքին առաջին կլոր սեղանը` «Հայոց լեզուի գործածութէան հարցը թատրոնի ընթացքին» նիւթով: Կլոր սեղանին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Բագին» գրական հանդէսի վարիչ խմբագիր Յակոբ Պալեան եւ բեմադրիչ Վաչէ Ատրունի: Զեկուցավարն էր մտաւորական-գրող Խաչիկ Տէտէեան:

Հանդիպումին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեան: Ան յայտնեց, որ վարչութիւնը ծրագրած է պարբերաբար կազմակերպել նման հանդիպումներ, որոնց ընթացքին պիտի քննարկուին  լիբանանահայ թատրոնին վերաբերող եւ թատերական խնդիրներ արծարծող նիւթեր:

Ապա ան ներկայացուց օրուան զեկուցաբերներն ու զեկուցավարը եւ հրաւիրեց զիրենք փոխանցելու իրենց խօսքը:

Կլոր սեղանի զրուցավար Խաչիկ Տէտէեան առաջարկեց բաց զրոյցի վերածել երեկոն, որպէսզի ներկաները կարենան ազատօրէն ներկայացնել իրենց տեսակէտները: Ապա ան հարց տուաւ, որ եթէ թատրոնը արուեստ է` ինքնանպատա՞կ է, թէ՞ կը հետապնդէ նպատակներ. ի՞նչ է թատրոնին նպատակը. դաստիարակե՞լ, զուարճացնե՞լ: Ան շեշտեց, որ եթէ թատրոնը իրապէս կը հետապնդէ ընկերութիւն մը յեղաշրջելու, դաստիարակելու, մշակութային վերելքի մը բարձրացնելու նպատակը, ուրեմն լեզուն հիմնական է այս պարագային, որովհետեւ լեզուն չափանիշն է ընկերութեան մը մակարդակին: «Կարելի՞ է արուեստ կամ թատրոն ներկայացնել գռեհիկ լեզուով` պարզապէս ծիծաղ առթելու համար», հարց տուաւ Տէտէեան` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է քննարկել, քննադատել եւ տեսակէտներ պարզել առողջանալու եւ լուծումներ գտնելու համար:

Օրուան առաջին զեկուցաբեր Յակոբ Պալեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ թատրոնը գրականութիւն է, որուն հիմնական ազդակը լեզուն է` աւելցնելով, որ թատրոնը լեզուի բեմն է եւ լեզուն ինքնութիւն է, նկարագիր է: Ան նկատել տուաւ, որ գրականութիւնը պէտք է մշակուի եւ զանազան հարցեր ներկայացնէ, սակայն անհրաժեշտ է, որ անոնք ներկայացուին որակով: Շարունակելով իր խօսքը` Պալեան ըսաւ, թէ թատրոնը կեանքի երեւակայուած կամ իրաւ ներկայացումն է եւ բեմի վրայ խաղցող գրականութիւն է, որ կը ձգտի արտայայտել զգացում, սէր, ատելութիւն, չար, բարի, ոճիր, քաղաքականութիւն եւ այլն` աւելցնելով, որ լեզուի, քերականութեան եւ իմաստներու ճշգրտութիւնը հիմնական են թատրոնին մէջ: Ան յայտնեց, որ թատրոնը մշակոյթ է, որ ազգի մը ինքնութիւնն է: Անդրադառնալով կարգ մը գրողներու` Պալեան յայտնեց, որ անոնք թատրոնին կենդանութիւն տալու համար կ՛ուզեն ժողովրդական բառեր գտնել, սակայն այդ ժողովրդական բառերը պայման չէ որ տգեղ բառեր ըլլան` շեշտելով, որ բառերու ընտրութիւնը պէտք է ըլլայ տեղին:

Օրուան երկրորդ զեկուցաբեր Վաչէ Ատրունի ըսաւ, թէ թատրոնի առաքելութիւնը պէտք է ճիշդ գնահատել. թատրոնը դպրոց չէ, այլ անմիջական զրոյցի միջավայր է: Ան յայտնեց, որ թատրոնը կը կատարէ գրողին առաջարկած լեզուն, որ չենք կրնար փոփոխութեան ենթարկել` աւելցնելով, որ կերպարը ինք կը թելադրէ խօսելու ոճը:  «Պէտք է գործածել հանդիսատեսին հասկնալի թուող լեզուն», ըսաւ Ատրունի` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է խօսակցական լեզուն օգտագործել եւ համաժողովրդային մօտեցում ցոյց տալ: Ատրունի հաստատեց, որ թատրոնը լեզուի պաշտպանութեան միջավայր չէ եւ ըսաւ, որ այդպիսով մենք լեզուն չենք կորսնցներ, այլ կը շահինք արուեստի իւրայատուկ տեսակ մը:

Այնուհետեւ ներկաներուն եւ զեկուցավարներուն միջեւ տեղի ունեցաւ կարծիքներու եւ տեսակէտներու լայն փոխանակում:

 

Նախորդը

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին. Կորսուած Բնաշխարհին Գրագէտը` Կարօ Սասունի («Որսորդը», Վերջաբան) Գ. Մաս

Յաջորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. «Նոր Տարի, Նոր Յոյս» Հաւաքական Ցուցահանդէսի Բացում

RelatedPosts

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?