Քեսապի «Սարդարապատ» սրահը սուրիական հայրենիքի հնգամեայ տագնապին պատճառով, բացի դպրոցական քանի մը ձեռնարկէ, ամայի մնացած էր: Առնուազն չորս տարի անոր բեմը տօնական պատկեր չէր ունեցած:
Հանդիսութիւն, ձեռնարկներ չկային: Մանաւանդ քեսապցիներու 21 մարտ 2014-ի տեղահանութենէն ետք հոգեվիճակները անկում կրած էին. ուստի խրախճանքներ, տօնախմբութիւններ առժամապէս կանգ առած էին: Սակայն ոսկեայ առիթը ընծայուած էր:
2 դեկտեմբեր 2015: Սքանչելի առիթ: Թէեւ թուականը մեզի յիշեցնել կու տար 27 տարի առաջ տեղի ունեցած երկրաշարժը, սակայն 125-ամեակը 125 տարին մէկ անգամ միայն կը ներկայանար:
Նոյն պահուն լսած էինք սուրիական հայրենիքի քաջարի բանակին յառաջխաղացքը, բանակը վերջնականապէս տիրապետած էր Զահի լերան գագաթին` յարակից քանի մը ռազմավարական այլ գագաթներու հետ միասին, փոքրագոյն կորուստներով, եւ Քեսապը շրջափակուած պահելու եւ զայն ռմբակոծելու կամ երկրորդ անգամ գրաւելու ախորժակները կը հեռանային: Անոր` բանակին սլացքը, այլ ուղղութեան զուգահեռ, կը միտէր հսկողութեան տակ առնել զինեալ հրոսակներու պարենաւորման ճանապարհները, որոնք դաւադիր դրացիէն` Թուրքիայէն կու գային, նաեւ փակել ապօրինի ու մահաբեր ճանապարհները եւ շրջանը մաքրել այդ արիւնռուշտ ահաբեկիչներէն, որոնց Արեւմուտքը կը փորձէ «ընդդիմութիւն» կամ «ազգային» պիտակը փակցնել` քաջ գիտնալով, որ օտար վարձկաններ են անոնք:
Հանդիսութիւնը սկսաւ ժամը 7:30-ին: Շողեր Աշըգեան բացման խօսքով հպանցիկ ակնարկ մը նետեց Դաշնակցութեան պատմական առաքելութեան վրայ` անցեալէն ցայսօր, հասնելով այժմու մարտահրաւէրներուն:
Ապա իրագործուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որ կը պարունակէր երգեր, ասմունքներ, խմբերգներ եւ կենդանի պատկերներ` պատրաստուած խումբ մը պատանիներու եւ երիտասարդներու կողմէ:
Օրուան բանախօսն էր Կարօ Մանճիկեան, որ Դաշնակցութեան 125-ամեայ ճամբուն պատմական ուրուագիծը տալով` կեդրոնացաւ ներկայի մարտահրաւէրներուն վրայ, որոնք ցցուած են հայ ժողովուրդին եւ ՀՅ Դաշնակցութեան դիմաց` հայրենի թէ սփիւռքեան պայմաններուն պարտադրանքով: Ան ակնարկեց նաեւ թուրք ոսոխին կիրարկած նորօսմանեան եւ նոր փանթուրքական մեթոտները` զուգահեռներ գծելով երէկուան` 1915-ի հայոց եւ 2011-2015 տարիներուն վրայ երկարող սուրիական ողբերգութիւններուն միջեւ:
Ան իր խօսքը աւարտեց` յարգանքի տուրք մատուցելով սուրիական բանակին եւ հայրենիքին համար ինկած նահատակներուն, մաղթելով, որ շուտափոյթ աւարտի սուրիական հայրենիքի տագնապը, որմէ անմասն չմնաց նաեւ գիւղս` Քեսապը:
Այնուհետեւ Ճորճ Գալայճեան հայրենասիրական եւ ազգային երգերով մթնոլորտը խանդավառեց ու երգեց սուրիական հայրենիքի հնգամեայ տագնապին նուիրուած երգ մը:
Օրուան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Գէորգ եպս. Ասատուրեան` նոր նշանակուած առաջնորդ հայոց կաթողիկէ պատրիարքական թեմին, որուն անդրանիկ հովուական այցելութիւնն էր, որ սկսած էր Քեսապէն: Գերապայծառը հովուապետած էր Քեսապի կաթողիկէ Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ` հայ կաթողիկէ Բարելուսոյ վարժարանի հիմնադրութեանց իննսունամեակին:
Ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց այն աշխատանքները, որոնց անձամբ մասնակցած էր Քեսապի ազատագրման համար, Ֆրանսա, իր առաջնորդութեան հանգամանքին բեռումով, գործակցաբար ՀՅ Դաշնակցութեան Ֆրանսայի մարմիններուն եւ ազգային այլ կառոյցներու:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Սարդարապատի յաղթերգով: