
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 60-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 11 դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական երեկոյ, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի «Տաւիղ» խումբը` ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի:
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք հաստատեց, որ Ս. Յակոբ եկեղեցին յաղթական կերպով բոլորած է իր 60-ամեակը եւ սոյն երեկոն նկատեց յաղթանակի, ցնծութեան եւ ուրախութեան երեկոյ: Ան շեշտեց, որ Ս. Յակոբ եկեղեցին իր խաչերով, նախորդ սերունդներու անխախտ հաւատքով, պողպատեայ կամքով ու ծառայութիւններով կերտած է իր գոյութեան յաղթական երթը եւ պիտի մնայ իբրեւ միջնաբերդ մեր ժողովուրդի գոյատեւման: «Եկեղեցւոյ 60-ամեակի կտակին առջեւ մենք կու գանք խոնարհելու` խոստանալով շարունակել այս յաղթական երթը», հաստատեց քահանայ հայրը: Անդրադառնալով եկեղեցւոյ առաքելութեան` Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեան նկատել տուաւ, որ Ս. Յակոբ եկեղեցին հոգեւոր եւ կրօնական առաքելութեան կողքին ունի նաեւ ազգային եւ մշակութային առաքելութիւն: «Հայ երգի, հայ երաժշտութեան եւ հայ ասմունքի միջոցով կը շարունակենք մեր պահանջատիրութիւնը», եզրափակեց քահանայ հայրը` շնորհակալական խօսք ուղղելով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Գեղարուեստի դպրոցի խնամակալութեան եւ «Տաւիղ» խումբի անդամներուն ու ղեկավարին իրենց գործակցութեան համար:
Այնուհետեւ «Տաւիղ» խումբը Մկրտիչ Միքայէլեանի ղեկավարութեամբ մեկնաբանեց Մորիս Ժարի «Տոքթոր Շիւակօ»-ն, «Ձիերու պարը»` վրացական ժողովրդային մշակում, Հիւկօ Պլանքոյի «Մոլինտօ Քաֆէ»-ն, Մկրտիչ Միքայէլեանի մշակումներէն «Հոյ նազան», «Եասամանի ծառի տակ», «Կարմիր ֆիստան» երաժշտական կտորները եւ Թաթուլ Ալթունեանի «Վերածնուած Հայաստան» յօրինումը` արժանանալով ներկաներուն բարձր գնահատանքին:
Երեկոյին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամներէն Վանա Դանիէլեան, որ ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Սասունցիներու պարը», Մեղրի Պապիկեան, որ մեկնաբանեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Պիտի ճանչնան» քերթուածը եւ Արմիկ Քերքեզեան, որ երգեց «Չքնաղ երազ» եւ «Հայի աչեր» երգերը:


