Նախաձեռնութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան, հինգշաբթի, 7 յունուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ յունարէն երգերու երեկոյ, կատարողութեամբ` կիպրահայ յայտնի երգիչ Յովիկ Տեմիրճեանի, ընկերակցութեամբ` Սեդօ Պաղտասարեանի եւ իր նուագախումբին, մասնակցութեամբ` պուզուքիստ Քոսթաս Տեսփոթիսի:
Յովիկ Տեմիրճեան ծնած է Կիպրոս: Ութ տարեկանին սկսած է երգեցողութեան դասերու հետեւիլ «Գոհար» համոյթի վաստակաշատ նախկին խմբավար Սեպուհ Աբգարեանէն: 16 տարեկանին սկսած է երգել Կիպրոսի մէջ: Հետեւած է ճեզի դասընթացքներու` Նիկոսիոյ համալսարանին մէջ: Իր մասնակցութիւնը բերած է յունական «Էքս Ֆեքթըր 2» մրցումին եւ հասած է աւարտական հանգրուանին: Երկու անգամ ներկայացուցած է Կիպրոսը «Եուրովիժըն»-ի մէջ` կրկին հասնելով աւարտական հանգրուանին: Երգահանդէսներ տուած է Կիպրոսի «Էնշընթ Թիեթըր աֆ Քիւրիըմ»-ի եւ Նիկոսիոյ «Ճի. Էս. Փի.» դաշտին վրայ` աւելի քան 24 հազար հանդիսականներու դիմաց: Ան ելոյթներ ունեցած է նաեւ Յունաստանի եւ Կիպրոսի տարբեր բեմերու վրայ` յոյն հանրայայտ երգիչներու կողքին: Յովիկ Տեմիրճեան հեղինակ է նաեւ մեծ թիւով երգերու, որոնք մեկնաբանուած են յոյն երգիչներուն եւ իր կողմէ:
Երգահանդէսին տոմսերը կրնաք ստանալ ելոյթին օրը` կիշէէն: