Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Կը Սկսին Նոր Տարին. Խանդավառ Զոյգ Ձեռնարկներ` Կրտսեր Եւ Երէց Պատանեկան Միութիւններուն Անդամներուն Համար

Յունուար 11, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Y-_011016

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՀՅԴ Լիբանանի պատանիները միասնաբար դիմաւորեցին Նոր տարին` ընկերային հաճելի եւ ճոխ մթնոլորտը սփռելով պատանեկան միութիւններուն, ընկերներուն եւ ընտանիքներուն մօտ: Պատանեկան միութիւններուն Ամանորի առանձին-առանձին կազմակերպած խրախճանքներուն զուգահեռ, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ընկերային յանձնախումբին կազմակերպած ընդհանուր խրախճանքներն ու տօնական առիթներու միջոցառումները կը համախմբեն պատանեկան տարբեր միութիւնները` առիթ հանդիսանալով պատանիներուն վերստին հանդիպելու, բաժնեկցելու տօնական մաղթանքներն ու բոցավառելու միութենական աշխատանքներու ոգին:

G_011016Այսպէս, երէց պատանիներուն համար Նոր տարուան նշումը կատարուեցաւ ընթրիքով ու խրախճանքով շաբաթ, 2 յունուար 2016-ի երեկոյեան` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի սրահին մէջ: Լիբանանի տարբեր պատանեկան միութիւններէն 192 երէց պատանիներ դարձեալ առիթը ունեցան համախմբուելու` այս անգամ եռանդուն մթնոլորտով շնորհաւորելու միութիւններուն եւ ընկերներուն Նոր տարին: Մասնակցելէ ետք հաճելի խաղերու, պատանիներու պարերն ու երգերը ստեղծեցին տօնական խանդավառ մթնոլորտ բոլորին համար, որմէ ետք Յարութ Լափաճեանի, Յովնան Քէշիշեանի եւ Էտի Նալպանտեանի յեղափոխական երգերով պատանիները ոգեւորութեամբ լեցուած սկսան Նոր տարին` իրենց աշխատանքները նոյն շունչով շարունակելու առաքելութեամբ:

Իսկ կրտսեր պատանեկան միութիւններէն 133 պատանիներ երկուշաբթի, 4 յունուար 2016-ի առաւօտեան համախմբուեցան Կեդրոնական Պէյրութի մէջ գտնուող յատուկ խաղավայր «Քիտզ Մոնտօ»-ի մէջ, ուր ամբողջ օրը զբաղեցան հաճելի խաղերով եւ մասնակցեցան պատանեկան հետաքրքրութիւնը արթնցնող յատուկ մրցումներու ու ներկայացումներու: Միասնաբար ճաշելէ ետք, անոնք առիթը ունեցան դիտելու տօնական յատուկ ներկայացում մը` անակնկալներով եւ նուէրներով բաժնուելով իրարմէ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պասքեթպոլի Դաս Մը Տուաւ Լիբանանի Բաժակակիրին Եւ Գերբաժակակիրին` Պիպլոսին

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

RelatedPosts

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?