Համազգայինի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով Լիբանան եկած վաստակաւոր հայրենի երգչուհի Նունէ Եսայեան եւ անոր ընկերակցող երաժիշտները երէկ այցելեցին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, ուր անոնք հանդիպում մը ունեցան խմբագրական կազմի անդամներ Վահրամ Էմմիեանի եւ Արշօ Պալեանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին կատարուած զրոյցին ընդմէջէն Նունէ Եսայեան անդրադարձաւ լիբանանահայ գաղութին եւ իր վրայ անոր ձգած դրական տպաւորութեան: Ան նշեց, որ լիբանանահայութիւնը ջերմ գաղութ է եւ աշխարհի չորս կողմը ունեցած իր ելոյթներուն ընթացքին յաճախ կը հանդիպի այլուր արտագաղթած լիբանանահայերու:
Նունէ Եսայեան նաեւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց երգահանդէսի իր ծրագիրը, որուն առանցքները կը կազմեն հայոց պատմութեան վերջին 100 տարուան տարբեր հանգրուանները:
Այս ծրագիրը արդէն իսկ 13 երկիրներու մէջ ներկայացուած է, Լիբանան 14-րդն է, իսկ անոր պիտի յաջորդէ Ֆրանսան եւ ապա Մոսկուան:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով` համերգներու այս շարքը Նունէ Եսայեան եւ անոր նուագախումբը բարեսիրական նպատակով է, որ կը կատարեն` հասոյթը նուիրելով իւրաքանչիւր գաղութի ճշդած բարեսիրական նպատակին:
Այցելութեան աւարտին Նունէ Եսայեան շրջեցաւ խմբագրատան մէջ եւ ծանօթացաւ «Ազդակ»-ի աշխատանքին ու անձնակազմին: