Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շնորհաւորական Այցելութիւններ` Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով. Հըզպալլայի Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

January 8, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Vehapar_Hezbollah_010716

Հինգշաբթի, 7 յունուար 2016-ի կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, լիբանանեան Հըզպալլա կուսակցութիւնը ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր կուսակցութեան քաղաքական դիւանի ատենապետը, որուն կ’ընկերանային լիբանանեան խորհրդարանին մէջ Հըզպալլան ներկայացնող երեսփոխաններ եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներ: Պատուիրակութիւնը Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի անունով շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետը եւ հայ համայնքը Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով:

Այցելութեան ընթացքին խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ վերջին օրերուն յառաջացած լարուածութեան եւ շրջանին վրայ անոր ստեղծած ժխտական ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի այժմու կացութեան ու յատկապէս նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վրայ: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց Լիբանանը Միջին Արեւելքի տագնապներէն հեռու պահելու եւ նախագահական շուտափոյթ ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ասորի
Կաթողիկէներու Եունան Պատրիարքը

gatogh-asori_010716

Երեքշաբթի, 5 յունուար 2016-ի կէսօրին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, վեհարանի հիւրասրահին մէջ ընդունեց ասորի կաթողիկէներու Եունան պատրիարքը, որուն կ’ընկերակցէին պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Քաս-Մուսա եպիսկոպոսը եւ այլ հոգեւորականներ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:

Խորհրդակցական այս հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները: Յատուկ քննարկումի նիւթ դարձաւ յառաջիկայ փետրուարին Հռոմի մէջ Միջին Արեւելքին մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան նուիրուած համաժողովը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին հետ աղերս ունեցող հարցեր:

Հանդիպումի աւարտին Եունան պատրիարքը շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետին Նոր տարին եւ Ս. Ծննդեան տօնը: Իր կարգին, Արամ Ա. կաթողիկոս փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Վարչապետ Թամմամ Սալամ Անթիլիասի Մէջ

Յաջորդը

«Հարաւային Ամերիկայի Մէջ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ալիք Մը Սկսած Է» Կ՛ըսէ Մարիօ Նալպանտեան

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.